Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատ Յաղթեց Եւ Պիտի Մնայ Իշխանութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Ռապըրթ Ֆորտ

August 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը քիչ-քիչ կը չքանայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «յաղթեց եւ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, եւ թերեւս երբեք ալ պատասխանատուութեան պիտի չկանչուի»:

Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը նաեւ նշեց, որ Իրան պիտի մնայ Սուրիոյ մէջ, «այդ է նոր իրողութիւնը, զոր պէտք է ընդունինք եւ այդ առնչութեամբ մեծ բան չենք կրնար ընել»:

Ան յայտնեց, որ օտար կառավարութիւնները, որոնք անցեալին Սուրիական ազատ բանակին կ՛աջակցէին, պատրաստակամ չեղան անոր նիւթական միջոցներ եւ զէնքեր, ներառեալ հակաօդային հրթիռներ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ զինուորական խորհրդատուներ ուղարկելու, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն. ընդդիմութեան համար անկարելի պիտի ըլլայ պարտութեան մատնել Ասատը եւ անոր ռուս եւ իրանցի դաշնակիցները: «Օտար կառավարութիւնները նոյնիսկ եթէ այդ մէկը կատարեն, ապա պիտի ըլլայ երկարատեւ պատերազմ մը, որ թերեւս անել կացութեամբ աւարտի», աւելցուց ան:

Պատասխանելով Ասատի իշխանութեան ապագային վերաբերեալ զիջումներ կատարելու համար սուրիական ընդդիմութեան վրայ շրջանային ճնշումներու մասին հարցումի մը ան ըսաւ, որ այդ ճնշումները «խոստովանութիւն են, թէ զինուորական կացութիւնը ի նպաստ Ասատի, Ռուսիոյ եւ Իրանի է»:

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը նշեց, որ սուրիական կառավարութիւնը «տեղական կառավարումներ կամ ապակեդրոնացում պիտի չընդունի, հակառակ անոր որ ռուսական կողմը շարունակ կը խօսի այդ մասին»: «Վարչակարգը կ՛անտեսէ լարուածութեան մեղմացման ռուսական գօտիները, երբ զինուորական առաւելութիւն ունենայ, եւ ուշ կամ կանուխ պիտի վերատիրանայ Տարաայի կամ Իտլիպի: Ատիկա կրնայ երկու կամ չորս տարի տեւել, սակայն պիտի չընդունի այդ տարածքներուն վրայ տիրութիւնը այլ կառավարութիւններու, տեղական ըլլան անոնք թէ օտար»:

Ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն, Ֆորտ ըսաւ, որ Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատուելէ ետք, մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որ Իրանն ու Ասատը յարձակում շղթայազերծեն քիւրտերուն դէմ, «եւ այդ պարագային ամերիկացիները իրենց ուժերը պիտի չօգտագործեն պաշտպանելու համար քիւրտերը»: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ուրախ պիտի ըլլայ Ասատի յարձակումով, իսկ քիւրտերը ահաւոր սխալ մը կը գործեն, եթէ կարծեն, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի գան զիրենք փրկելու»:

 

 

Նախորդը

Մերքել Թուրքիոյ Իշխանութիւններէն Պահանջած Է Ազատ Արձակել Գերմանիոյ Կալանաւորուած Քաղաքացիները

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէայի Արձակած Թեւաւոր Հրթիռը Թռիչք Կատարեց Ճափոնի Վերեւ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.