Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Գլխաւոր Քարտուղարը

August 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հայաստան:

Հանրապետութեան նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են ընդհանուր առմամբ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին եւ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր:

Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի ստորագրման 25 եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ձեւաւորման 15 տարին` հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ այս տարեդարձները լաւ առիթներ են անդրադառնալու կազմակերպութեան անցած ճամբուն եւ ուղենշելու զարգացման հետագայ ընթացքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է անցեալ տարի Երեւանի մէջ ընդունուած` մինչեւ 2025 ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութեան իրականացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է  ընդունելութեան համար եւ զեկուցած վերջին շրջանին  կազմակերպութեան կողմէ իրականացած աշխատանքներուն եւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն մասին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերուն շուրջ:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Մասնակցած Է Խորհրդակցութիւններու

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիրը Չստորագրելու Որեւէ Պատճառ Չունինք»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.