Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Օրագրութիւն

August 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Երեւանեան ամառը շատ կը սիրեմ, որովհետեւ քաղաքը տեսակ մը համախմբման կեդրոնի կը վերածուի: Պատերազմին ո՞ր ընտանիքը բաժան-բաժան չեղաւ: Ընտանիքներ ամառուան արձակուրդէն օգտուելով` կը փորձեն քով քովի գալ ժամանակաւորապէս: Կը տխրինք ժամանակաւորին դիմաց: Մնայունին պիտի ուզէինք ձգտիլ: Գիտնալով հանդերձ, որ ոչինչ կայ մնայուն, չենք ընդունիր պատահածը, ներքուստ կ՛ընդվզինք ու այդ մեր անկարողութեան դիմաց ճակատագիրը միայն կ՛անիծենք: Կ՛անիծենք, մանաւանդ երբ կորսնցուցած ըլլանք մինչ այդ մեզի համար թուացած երջանիկ պահերը: Ու հոս ու հոն տարտղնուած երջանկութեան սերմերը փնտռելու կ՛ելլենք, կը ջանանք համախմբել, կը ջանանք համախմբուիլ… մեզի կը թուի, թէ ահա ո՛ւր որ են գտանք, բայց արդէն դժուար կ՛ըլլայ զանոնք կրկին հաւաքելը, որովհետեւ տարտղնուած սերմերը հոն, ո՛ւր որ պատահաբար կամ ճակատագրի բերումով ինկած են, նոր արմատներու վերածուած են ու տակաւ առ տակաւ կը խրուին նոր հողին… ինչպէ՞ս կրկին պոկել զայն: Անհեթեթութիւն է: Ու կը շարունակես անէծքդ, անէծք կու տաս ճակատագիրին, անէծք` ապրած այս օրերուդ, որուն համար պատրաստ չէիր երբեք: Ու կը պոռթկայ ներսդ. «Ինչո՞ւ նախազգացում չունեցանք, ինչո՞ւ մարդս այդ կարողութեան տէրը չէ, որ նախազգայ դէպքերը չպատահած»: Անասուններ կան, որոնք ուլթրաձայները կը լսեն, մարդիկ չեն կրնար: Անասուններ կան, որոնք երկրաշարժը կը նախազգան, մարդիկ չեն զգար: Մեր շրջապատին մէջ որքա՜ն ձայներ կան ուլթրաձայն, ինդրաձայն: Կ՛ուզենք տէրը ըլլալ բոլոր ձայներուն: Զգալ, լսել անլսելին: Բայց մի՞թէ այդ կարողութեան տէրը ըլլալով կրնանք տնօրինել մեր ապագան: Մոռնալով մանաւանդ, որ մեր լսողութեան ջիղը շատ նրբազգաց է. այդ բոլոր ձայները երբ հասնին դէպի մեր ականջներուն թմբուկը ու դղրդումը տանի զանոնք դէպի ոսկորները, հոնկէ դէպի ներքին ականջ` լսողութեան ջիղ, ան պիտի լսէ պէտք եղածն ու չեղածը… նոյնիսկ հաստապատնէշ պատերէն անդին. ունկ պիտի ըլլայ, ականջէ, ամբողջապէս լսողութիւն դառնայ: Պիտի դիմանա՞յ… ժխոր չէ՞ ամէն բան: Տհաճ: Խաժամուժ: Ուժ ունի՞նք մեր հոգիները խաղաղեցնելու տուընջեան փրփրաբաշ ալիքներէն ետք. բայց չէ՞ որ կեանքը լի է անվերջանալի փորձութիւններով, նոյնիսկ` այդ թուացած անվրդովութեան մէջ գալիք ու գալիք ալեբախութեան նշանները պիտի առնէ. հոգիի անդորրութիւնը ինչպէ՞ս գտնել, կամ ո՞ւր գտնել վերջապէս:

Այո՛, հոգիի անդորրութիւն, որուն պէտք է ձգտիլ, որովհետեւ այդ է միակ խաղաղութեան ճամբան: Հոգին չընկճել, բարձրացնել, վե՜ր-վե՜ր բարձրացնել, ու այդ բարձունքին մէջ գիտակից հրճուանք գտնելու ձգտիլ, պայքարիլ` գտնելու, ու այդ հրճուանքով պարուրել մեր հոգիները, ապա` մարմինը: Ճանչնալ կեանքը, ճանչնալ մենք մեզ: Ու ընկղմիլ նորին մէջ ու հետաքրքրութիւն ստեղծել: Մանաւանդ զգալ, որ անէծքն ու զայրոյթը մեր հոգիները թունաւորելէ բացի այլ գործառոյթ չունին: Լսել ոչ թէ այլոց ձայները, այլ` մեր ներքին ձայնը, ներքին թրթռացումը ու այդ մեղեդայնութեամբ ապրիլ…

Ամառը կը սիրեմ, այո՛, սակայն ջանք ու ճիգ պիտի թափեմ ընդունելու նաեւ տարուան միւս եղանակները` գտնելու համար երջանիկ խաղաղութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Հերոսածին Հայաստան

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.