Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1967)

August 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Երկու Եռամսեայ
Երեք Հայուհի

Վերջին ամիսներուն, հայկական արուեստին ու ճարտարարուեստին վերաբերող ուրացման երկու նոր փորձեր արձանագրեցին թուրքերը. մէկը Սան Ֆրանսիսքոյի թրքական ցուցահանդէսին, միւսը` Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պարզուած խեղկատակութեան ծանօթ է աշխարհը: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները մասնակցած էին քաղաքին կազմակերպած ցուցահանդէսին` իրենց սեփակա՛ն ստեղծագործութիւններով, մինչդեռ թուրքերը հոն փութացած էին գողօններով, իւրացումներով, թրքացնելով, ըստ կարգի թրքացնելով նաեւ «Գէորգեան հաստատութեան» պատկանող քառասուն գորգեր, որոնց վրայ ծածանող թրքական դրօշակը, վար առնուեցաւ` շնորհիւ նախանձախնդիր հայուհիի մը ազդու առարկութեան:
Մեր ներքին էջին մէջ տրուած ուրիշ գրութենէ մը կ՛իմանանք, որ ուրիշ հայուհի մը, այս անգամ` Փարիզէն, Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ վիճած ու լռութեան դատապարտած է, պաշտօնեաներէն մէկը, որ կը ճգնէր համբաւաւոր պալատին ճարտարապետութիւնը վերագրել «Պալեան անունով իտալացի»-ի մը:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ խայտառակաբար վար առնուած դրօշակին պատճառով յառաջացած խայտառակութենէն առաջ ուրիշ շատ խայտառակութիւններ ապրած են թուրքերը, Տոլմապահչէի մէջ ստեղծուած ենթադրեալ ամօթէն առաջ ամօթալի հազար կացութիւններու ենթարկուած ենք, այսուհանդերձ, բնաւ չեն զգաստացած, շարունակած են իրենց ուրացումը, իւրացումը:

Անոնք այդպէս են: Ուրախալին, սակայն, մերիններուն կապուած իրողութիւնն է, հայուհիներուն արթնամտութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, քաջութիւնը: Անցնող երկու եռամսեաներուն այս երրորդ անգամն է, որ գայթակղութիւնները չէզոքացնող անակնկալներու առջեւ կը դնեն մեզ հայուհիները: Առաջինը, չմոռնանք, Սիրարփի Տէր Ներսէսեանն էր, որ առաջինը ինք երեւան հանեց Երուսաղէմի ձեռագիրներուն գայթակղութիւնը:

Առակս ցուցանէ, որ թուրքը շուտով կը հասնէր իր նպատակներուն, եթէ պարապ գտնէր մեր ուղեղներն ու հոգին: Սիրել ազգը, ճանչնալ անոր մեծագործութիւնները, խորացնել, արմատացնել: Թշնամիին դէմ կռուելու համար ասոնք մեր զէնքերուն մաս կը կազմեն այսօր: Ճանչնալ, լեցուիլ, պոռթկալ: Երեք հայուհիներուն կապուած պարագաները ոգեշնչող են ու թելադրական: Ու` գեղեցիկ, եւ օրինակելի…

XX

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու
Տարեկան Բանակումը

Սկաուտական բանակումը լաւագոյն վայրն է տեսնելու եւ կշռելու համար պատանիին ստացած կրթութեան եւ դաստիարակութեան չափը: Այս տեսակէտէն, չափազանց արտայայտիչ էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն վերջին բանակումը Այնճարի մէջ` մասնակցութեամբ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Զահլէի եւ Թրիփոլիի մասնաճիւղերուն: Բանակումին փակումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 օգոստոսին:

Նախ` բանակատեղիի ընդհանուր դասաւորումը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ յստակ ու պարզ, մեծապէս կը տպաւորէր ներս մտնողը: Յետոյ, իւրաքանչիւր խումբի վրաններուն համաչափ դասաւորումը, անոնց կոկիկութիւնը, ներսի մաքուր յարդարանքը ցոյց կու տան, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտը բանակելու լաւագոյն թեքնիքին տիրացած է եւ կրնայ ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ իսկ ապրելու յարմարագոյն ձեւերը գտնել:

Այցելողին մասնաւոր ուշադրութիւնը կը գրաւէին այն բազմաթիւ կառուցումները, որոնք սկաուտները կատարած էին իրենց ճարտար ձեռքերով` օգտագործելով միայն գերաններ եւ պարաններ: Այստեղ ճաշասեղան մը, անդին կամուրջ մը, ուրիշ տեղ` բարձր աշտարակ, որոնք ցոյց կու տան սկաուտին ստացած թեքնիք դաստիարակութեան բարձր մակարդակը: Այս բոլորին վրայ յաճախ նկատելի էին նուրբ ճաշակի մը յատկանիշները` օգտակարին միացուած էր նաեւ գեղեցիկը, եւ ամէն տեղ նկատելի էր այս ճիգը:

Այս բոլոր հաստատումները ցոյց կու տան, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները պարապի չեն անցըներ իրենց ժամանակը: Անոնք անվերջ կը յառաջդիմեն եւ ձեռք ձգած են նկատառելի յաջողութիւններ, որուն մէջ անուրանալի իրենց դերը ունին խումբ մը ղեկավարներ, որոնք արժանի են ամէն գնահատանքի: Այդ ղեկավարութեան խելացի եւ փորձառու առաջնորդութեան շնորհիւ` կարելի եղած է հասնիլ լաւագոյն արդիւնքներու: Մասնաւորաբար շնորհաւորելի են Սուրէն Մուրատեանը, սկաուտ ընդհ. խմբապետ Ճանիկ Ոսկերիչեանը, Պէյրութի շրջանի խմբապետ Ժիրայր Սարգիսեանը, երէց սկաուտներու խմբապետ Սարգիս Հաճի Նազարեանը, արենուշներու խմբապետուհի Մարի Սարեանը, Սկաուտական խորհուրդի ժրաջան գանձապահ Պատրիկ Կիւլպէնկեանը եւ արծուիկներու խմբապետուհի Յասմիկ Տեմիրճեանը:

Այստեղ կ՛ուզենք մատնանշել հիմնական կէտ մը: Սկաուտներ ամբողջ շաբաթ մը կ՛աշխատին, կը շինեն յաջորդ օրն իսկ քանդելու համար: Անհրաժեշտ է, որ գտնուի ձեւ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակատեղին պահել աւելի երկար ժամանակաշրջան մը, որպէսզի սկաուտները կարենան իրենց աշխատանքին արդիւնքը լաւապէս վայելել:
Շաբաթ, 26 օգոստոս, երեկոյեան բանակատեղիին մէջ կը տիրէր բացառիկ խանդավառութիւն: Ընթրիքէն ետք սկաուտները հաւաքուեցան հսկայ խարոյկին շուրջ` զուարճանալու համար: Կիրակի առաւօտ բանակատեղին պատրաստ էր ընդունելու այցելուները:

Այնճարի եւ ամբողջ Պեքաայի հայութիւնը ապրեցաւ խանդավառ օր մը: Արաբ եւ հայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ աւելի քան հինգ հազար հանդիսականներ հաւաքուած էին բանակատեղին:

Կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբին, տեղի ունեցաւ տողանցք` Այնճարի մէջ: Ժամը 5:30-ին` փակման հանդէս:

Լիբանանեան եւ սկաուտական քայլերգներէն ետք բանակատեղիի ընդհանուր պատասխանատու խմբապետ Ժիրայր Սարգիսեանը կատարեց հանդէսին բացումը հայերէնով, Միհրան Շիմշիրեանը` արաբերէնով:

Այնուհետեւ, զանազան խումբերու գայլիկներ, սկաուտներ եւ արենուշներ կատարեցին անակնկալներ, խաղեր, երգեր ու պարեր:

Խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանը: Սկաուտական լիբանանեան ֆետերասիոնի նախագահ Ապտել Ուահապ Ռիֆաայի բարձր գնահատեց եւ քաջալերեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու ղեկավարութիւնը, պանծացուց ՀՄԸՄ-ի եւ հայութեանց ունեցած բացառիկ դերը Լիբանանի մէջ: Բանաստեղծ Սայիտ Աքըլ իր խանդավառ ճառով պանծացուց հայ ժողովուրդի ունեցած բացառիկ արժանիքները եւ անոր ցուցաբերած անսահման օգտակարութիւնը Լիբանանի վերելքին մէջ: Անվարան յայտարարեց, որ հայութիւնը շատ բան սորվեցուց լիբանանցիին: Լիբանանահայ պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, ընդգծելէ ետք հայ ժողովուրդի վայելած բացառիկ շնորհները Լիբանանի մէջ, թելադրեց տէր ըլլալ անոնց, հաւատարմօրէն ծառայել Լիբանանին եւ ամէն ձեւով օժանդակել անոր վերելքին:

Հանդէսին փակումը կատարեցին Ճանիկ Ոսկերիչեանը (հայերէն) եւ Ճոնի Արեւեանը (արաբերէն): Ժողովուրդը խանդավառ տրամադրութեամբ մեկնեցաւ բանակատեղիէն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երեւանեան Օրագրութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.