Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքը քաղաքական առաքելութիւն է

August 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան համար սփիւռքի ներկայ վիճակը մեր ներազգային կեանքի կարեւորագոյն օրակարգերէն է: Հետեւաբար Դաշնակցութեան համար սփիւռքի հզօրացումը ռազմավարական հիմնական հարց է: Ինչպէս հաստատած է երկու տարի առաջ կայացած ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողովը. «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է ՀՅ  Դաշնակցութեան համար եւ հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է»:

Այս հաստատումը նորութիւն չէ: Տակաւին երբ սփիւռք հասկացողութիւնը իր սաղմնային վիճակին մէջ էր, հայկական սփիւռքի կազմակերպումը, հայեցի ինքնութեան պահպանումը եւ գաղթօճախներու քաղաքականացած գոյութիւնը առանցքային իմաստ եւ արժէք կը ներկայացնէին Դաշնակցութեան վարքագծային ուղղութեան եւ ռազմավարութեան համար:

Փարիզի մէջ գումարուած (17 նոյեմբեր, 1924-էն 16 յունուար, 1925) ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովը իր համապարփակ քննարկումներով եւ ազդու որոշումներով ուղղութիւն եւ բովանդակութիւն տուաւ կազմակերպ ու քաղաքականացած հայկական սփիւռքի մը ձեւաւորման: Ընդհանուր ժողովը հաստատեց, որ պիտի պահպանուի հայութեան համրանքը, գաղութահայութիւնը պիտի դառնայ Հայաստանին կապուած մէկ ամբողջական զանգուած, եւ իւրաքանչիւր վայրի մէջ պիտի կազմակերպուին մէկ ուրոյն համայնքներ: Այս նպատակին համար Ընդհանուր ժողովը որոշեց 1926-ը հռչակել իբրեւ ներքին աշխատանքի եւ վերակազմութեան տարի:

Այս որոշումներու վրայ կառուցուեցաւ եւ հաստատուեցաւ արդի սփիւռքը: Փուլ առ փուլ, մեկնելով տիրող պայմաններէն եւ պահանջուող աշխատանքներէն, սփիւռքը տարածեց եւ արդիականացուց իր կառոյցները, աւելի խորացուց եւ բազմակողմանի դարձուց իր թէ՛ մարտավարական եւ թէ՛ ռազմավարական գործունէութիւնը: Երբ հարկը զգացուեցաւ, դիմեց յաւելեալ քաղաքականացման: Երբ պարտադրուեցաւ վերադառնալու մեր անցեալի յեղափոխական աւանդներուն, դիմեց անհրաժեշտ յեղափոխականացման:

Ներկայ փուլին սփիւռքի առաքելութիւնը բիւրեղացած է հետեւեալ հիմնական չորս ուղղութիւններով.

1.- Գաղթօճախներու կազմակերպ գոյութեան սատարում,

2.- Սփիւռքահայ մարդու հայեցի ինքնութեան պահպանում,

3.- Մեր ժողովուրդի իրաւազրկման վերացման համար պահանջատիրութիւն,

4.- Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ձեւի օժանդակութիւն:

Սակայն վտանգը սկսած է սպառնալ հայկական սփիւռքի առաքելութեան:

Այսպէս, հայրենիքի անկախացումը յոյսի եւ լաւատեսութեան զգացումներ պատճառեց սփիւռքի գաղթօճախներուն եւ սփիւռքահայ մարդուն: Սակայն այդ զգացումները փոխանակ խթանելու ազգային կեանքը եւ պրկելու գործելու կամքը` թուլացում յառաջացուցին սփիւռքի տարածքին: Զարգացաւ այն թիւր համոզումը, որ սփիւռքի առաքելութիւնը աւարտած է: Հայրենիքը անկախ է: Երազը իրականացած է:

Կարծէք մեծ հոգէ մը ազատած` հանգստութեան շունչ քաշեցինք բոլորս: Ազգային իմաստով, ապագայի վտանգներով լի դարձաւ հանգստաւէտութեան այդ շունչը: Ինքնութեան պահպանման եւ քաղաքական դատի հետապնդման զէնքերը աստիճանաբար դրուեցան վար: Մեր ինքնութեան յաւերժացման կրկնակ կռուանները եղած էին անցեալի ապրումը` մեր պատմամշակութային յիշողութիւնը, եւ մեր ապագային խոստումը` իրաւազրկման դէմ մեր հատուցման պահանջատիրութեան պայքարը:

Հայրենիքը անկախ է պոռացինք կամ փսփսացինք, ալ ի՞նչ կ՛ուզենք:

Այսպիսով թուլցաւ անցեալի ապրումը` փոխարինուելով հայրենիք եւ սփիւռք փոխադարձ այցելութիւններով: Տարտամցաւ ապագայի խոստումը` սահմանափակուելով Ցեղասպանութեան ճանաչումի գործով:

Երկու պարագային ալ հարուածին ուղղակի թիրախը հանդիսացան սփիւռքահայու ինքնութեան ամուր պահպանման աշխատանքը եւ մեր պահանջատիրական պայքարի գործը:

Այս վտանգաւոր կացութիւնը սկսած է աւելի մտահոգիչ դառնալ վերջին տարիներուն շրջանառութեան դրուած այնպիսի տեսութիւններով եւ մօտեցումներով, որոնք աղաւաղումի, մինչեւ իսկ նենգափոխումի կ՛ենթարկեն սփիւռքի առաքելութիւնը:

Փորձեր կը կատարուին առաջադրելու տեսութիւններ եւ սահմանումներ, որոնք սփիւռքը կը ներկայացնեն իբրեւ լոկ կրօնամշակութային հաւաքականութիւն: Նման մօտեցում ժխտումն իսկ է հայութեան համրանքի պահպանման, կազմակերպ կառոյցներու զարգացման եւ քաղաքական նպատակներու հետապնդման հարազատ այն առաքելութեան, որ կռուանը կը հանդիսանայ գրեթէ իննսուն տարիէ ի վեր զարգացող աշխուժ, գործօն եւ արդիւնաւէտ հայկական սփիւռքին:

Կրօնամշակութային պատկերացումը սփիւռքը ամիրայական եւ աղայական ժամանակները վերադարձնող մտայնութիւն մըն է, որուն գործնականացումը կրնայ ոմանց համար հեշտացնել մեր գաղութներուն կամայական ղեկավարումը, սակայն սփիւռքահայութիւնը եւ սփիւռքեան կառոյցները կը վերածուին անատամ ու ապաքաղաքականացած միաւորներու:

Երկար ժամանակի վրայ այս վտանգը աւելի կը խորանայ, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ սփիւռքեան գաղութներու մինչեւ իսկ ֆիզիքական գոյութեան շարունակելիութիւնը: Մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք զուտ կրօնամշակութային սփիւռքեան գաղութներ: Պատմութեան փորձառութիւնը կ՛ապացուցէ, որ հոն, ուր այդպէս եդած է գաղութը, հոն եւս կորսուած է այդ գաղութը, ինչպէս պարագան է Հնդկաստանի, Լեհաստանի կամ Ռումանիոյ գաղութներուն:

Հայկական սփիւռքը կազմակերպ կառոյցներով եւ պատմամշակութային յիշողութեան վրայ հիմնուած քաղաքական օրկանիզմ է: Վերջին 25 տարիներուն թուլացումի ենթարկուած են սփիւռքի այս եռեակ սիւները: Փոխանակ նոր սահմանումներ եւ ըստ այնմ նոր դիմագիծ տալու սփիւռքին` ժամանակն է վերականգնելու եւ վերապրկելու սփիւռքի գոյութիւնն ու աշխատանքը երաշխաւորող այդ երեք խարիսխները, այսինքն` կազմակերպ կառոյցները, պատմամշակութային յիշողութիւնը եւ քաղաքականացումի ընթացքը:

Սփիւռքի առաքելութիւնը չէ աւարտած: Սփիւռքը օտար ափերուն հայեցի ինքնութեան ու համրանքի պահպանման, հայրենիքին ու հայութեան աջակցութեան, Հայաստանի ամբողջացման ու ամբողջական հայութեան մէկտեղման ի խնդիր գործող քաղաքական առաքելութիւն է:

Լոս Անճելըս
Օգօստոս 25, 2017

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Խաղերը Շատ Հետաքրքրական Էին Հենրիխ Մխիթարեան Կրկնեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցանիշը Մեսի Նշանակեց Իր 351-րդ Կոլը Նէյմար Մեծ Ներդրում Ունեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Յաղթանակին

Յաջորդը

Սփիւռքը Փորձանօթ Չէ Պարոնայք

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.