Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դատապարտած Է Ռիչըրտ Հոկլընտի Յայտարարութիւնը

August 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը` զայն «բացարձակապէս անընդունելի» եւ «ձախողման դատապարտուած» նկատելով:

Հոկլընտ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման 6 կէտերով կոչ կ՛ուղղէր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ «գրաւուած  տարածքները» վերադարձնելու Ազրպէյճանի վերահսկողութեան:

«Վարչակազմը կը ներկայացնէ Արցախի ոչնչացման անխոհեմ բաղադրատոմս մը եւս` հաւանաբար ակնկալելով, թէ մենք չենք հասկնար Հայաստանի պատմութիւնը, թէ մեզի Արցախի հետ 100 առ հարիւր համերաշխութիւնը չի գոհացներ, եւ որ մեր աշխարհաքաղաքական շահերուն մէջ ոչ մէկ իմաստ կայ: Մէկ խօսքով` մենք տխմարներ ենք: Բացարձակապէս անընդունելի է եւ ձախողման դատապարտուած է»,  «Արմինիըն Ուիքլի»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Համբարեանի համաձայն, յայտարարութիւնը կը խրախուսէ «աւելի յարձակողապաշտ դարձող Ազրպէյճանը» եւ Արցախի համար վտանգներ կը ստեղծէ: «Դժբախտաբար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըրին իրաւասութիւններ տրամադրելու փոխարէն, վարչակազմը սկիզբէն զայն ծանր վիճակի մէջ դրած է` ներկայացնելով խեղաթիւրուած եւ կեղծ շրջանակներ, որոնք կը հակասեն ամերիկեան արժէքներուն եւ կը խափանեն Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը, ամուր խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման գործը», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Ուսուցիչներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Հեռու Մնալու Քաղաքական Հոլովոյթներէն

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Եւ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Իրականացուող Բարեփոխումները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.