Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Հոկլընտի Յայտարարութիւնը Ո՛չ Վերջնագիր Է, Ո՛չ Ալ Պարտադրանք»

August 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի խաղաղ լուծման մասին վերջնագիր չէ, ճնշման մեթոտ չէ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

Ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման 6 կէտեր, որոնց շարքին հետեւեալը. «Նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, պէտք է ժամանակաւոր կարգավիճակ տրուի, որ առնուազն կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնավարութեան երաշխիքներ: Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գրաւուած տարածքները պէտք է յանձնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Այնտեղ չի կրնար որեւէ բնակեցում ըլլալ` առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը: Այդ տարածքներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը պէտք է վերականգնի»:

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի, այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր, թէ կողմերը, տագնապի լուծման մէջ ներգրաւուածները հասած են հասարակ յայտարարի:

«Նման յայտարարութիւն, փաստաթուղթ մը չի նշանակեր, որ տագնապը լուծուած է, կամ բոլորը հասած են համաձայնութեան: Այսպիսի փաստաթուղթ նախապէս ալ եղած է, ասիկա պարտադրանք չէ, պարզապէս տեսլական է», շեշտեց ան:

Դաւիթ Բաբայեան նաեւ ընդգծեց, որ Հոկլընտի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ երկու շատ կարեւոր կէտ:

«Մէկը այն է, որ խաղաղ լուծում պիտի ըլլայ, երկրորդը  այն է, որ այս փաստաթուղթին մէջ Արցախը կը դիտարկուի իբրեւ առանձին, Ազրպէյճանին չպատկանող  կազմաւորում: Ինչ կը վերաբերի այլ խնդիրներու, ապա կան երեւոյթներ, որ Ազրպէյճանի համար անընդունելի են: Անոնք երբեք չեն դիտարկած Արցախի ինքնորոշման կամ անկախութեան փաստի ճանաչման կարելիութիւնը: Փաստօրէն այնտեղ նշուած է, որ Արցախը Ազրպէյճանինը չէ, կը խօսուի  միջանկեալ կարգավիճակի մասին: Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի համար օրինական թուացող պահանջները կը չէզոքացուին այս փաստաթուղթով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ փաստաթուղթը լիովին ընդունելի է, յարգելի է», ընդգծեց Դաւիթ Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան  պաշտօնական դիրքորոշումը չէ փոխուած, կայ քանի մը  կարեւոր մօտեցում: Ըստ անոր, կարեւոր մօտեցումներէն առաջինը այն է, որ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը պիտի վերականգնի, պաշտօնական Ստեփանակերտը պիտի մասնակցի բանակցային հոլովոյթին:

«Երկրորդ կարեւոր դիրքորոշումը այն է, որ այս տագնապը պիտի լուծուի փաթեթով, այլ ոչ թէ այլ տարբերակով, ամբողջական ամէն հարց պիտի լուծուի: Ոչ մէկ հարց պէտք է մնայ ապագային: Տագնապը այնպէս մը պէտք է լուծուի, որ վաղը չստեղծուի աւելի բարդ, աւելի վատ իրավիճակ: Ազրպէյճանը կ՛ուզէ փուլային, թող ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը, այդ պարագային մենք կը բանակցինք», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:

Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութիւնը հաշուի առնելով` իւրաքանչիւր մօտեցում մանրակրկիտ ձեւով պիտի դիտարկուի:

«Ինչ կը վերաբերի Հոկլընտի յայտարարութեան, ապա անգամ մը եւս ըսեմ` ասիկա պարզապէս տեսլական է, եղած են տարբեր մօտեցումներ, որոնցմէ նաեւ հրաժարած են: Համանախագահները միշտ ըսած են, որ պարտադրանք չկայ: Ասիկա տարբեր սկզբունքներու համատեղում է, որ չի նշանակեր, թէ փոփոխութեան ենթակայ չէ, կամ փաստաթուղթը կատարեալ է», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Իր Մեկնաբանութեան Մէջ Հոկլընտ Թոյլ Տուած Է Որոշ Անճշդութիւններ Ու Բացթողումներ»

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Թիւրքմենական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.