Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարապալա»-ն Կը Հրապարակէ Իր Առաջին Ալպոմը

August 25, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյցը վարեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Կարապալա» երաժշտական խումբը օգոստոս 26-ին «Յակոբ  Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կ՛ունենայ իր առաջին ալպոմին հրապարակման նուիրուած ելոյթը: Այս առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը կ՛ունենայ խումբին հետ:

Խօսելով «Կարապալա»-ի ընտանիքին մասին` անոնք ըսին. «Խումբ մը ընկերներով նոյեմբեր 2011-ին Այնճարի մէջ երաժշտական ներկայացումի մը համար քով քովի եկանք: Փորձը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, ուստի որոշեցինք շարունակել միասին նուագել: Ձեւով մը այդպէս ծնաւ «Կարապալա» խումբը: Առաջին փուլին խումբը ունէր միայն ջութակահար, կիթառահար, թմբկահար եւ երգիչ. 2012-ին խումբին միացաւ ձեռնադաշնակահարը, իսկ ներկայիս արդէն «Կարապալա»-ն կ՛ընդգրկէ 7 երաժիշտ. անոնք են` Ալին Նագգաշեան (երգ), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ եւ երգ), Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ), Արամ Փափազեան (հարուածային գործիքներ), Շահան Քիլաղպեան (քոնթրպաս), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ), Յակոբ Հարֆուշեան (սաքսոֆոն): Խումբը հարուստ է նաեւ իր ընտանիքին այն անդամներով, որոնք անպայմանօրէն բեմին վրայ չէք տեսներ դուք, սակայն անոնք միշտ մեզի հետն են, մեր իւրաքանչիւր քայլին թիկունք են»:

«Անշուշտ ունինք մեր մարտահրաւէրները, առաւելաբար` բոլորիս ժամերը համադրելու առումով: Իւրաքանչիւրս, երաժշտական իր ասպարէզին կողքին, ունի իր միւս ասպարէզը եւ երբեմն ատիկա արգելք կը հանդիսանայ, որ աւելի յաճախականութեամբ հաւաքուինք ու նոր երգերու վրայ աշխատինք», ըսին անոնք:

Խօսելով խումբին վեցամեայ գործունէութեան մասին` անոնք յայտնեցին, որ «Կարապալա»-ն կը փորձէ տարբեր երաժշտական ոճեր միաձուլելով` վերակենդանացնել եւ արդիական ձեւերով ներկայացնել հայկական ժողովրդական երգերը, ասիկա մեր յատկութիւնն է: Կը փորձենք հայկական երգերը աւելի մատչելի դարձնել հանրութեան (հայ թէ օտար), ի մասնաւորի` երիտասարդութեան: Այս չի նշանակեր, որ կը հեռանանք հայկական երաժշտութենէն, այլ ընդհակառակը, հիմնականօրէն կը ստեղծագործենք պահելու համար հայկական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը»:

«Այս տարի խումբին կազմութեան վեցերորդ տարեդարձին առիթով ուզեցինք մեր ստեղծագործութիւնները ամփոփել խտասալիկի մը մէջ, որպէսզի աւելի հասանելի դառնանք մեզ սիրողներուն, եւ ինչո՞ւ չէ, հասնինք նաեւ հայկական տարբեր գաղութներու ու օտարներու»: Այս առիթով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որուն հովանաւորութեամբ կարողացանք իրականացնել այս ալպոմին հրապարակումը»:

Նշենք, որ «Կարապալա»-ին ալպոմին հրապարակման ելոյթին տոմսերը կրնաք ապահովել Համազգայինի գրախանութէն: Իւրաքանչիւր տոմս կը պարունակէ խտասալիկէն օրինակ մը:

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թուրքիզմի Հրամայականը Թուրքիոյ Հակահայ Արշաւի Ուղղութիւններուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Նախաձեռնած Ապագայ Լրագրողներու Պատրաստութեան Վարժողական Ծրագիրը Պաշտօնապէս Սկսաւ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.