Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Լեհաստան
Հայաստանին Եւ Լեհաստանի Հայ Համայնքին Նուիրուած Փառատօն
Հովանաւորութեամբ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Սլուպսկի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ «Ադամանդէ ձայն» հիմնարկին, 6-8 օգոստոսին Լեհաստանի Ռովի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային երաժշտական մրցոյթ-փառատօն:
Փառատօնին մէկ օրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանին եւ Լեհաստանի հայ համայնքին: Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Էդգար Ղազարեանը ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն` Լեհաստանի հայ համայնքին համար յոբելենական այս տարուան նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալուն համար: Դեսպան Ղազարեան ընդգծեց, որ հայ համայնքի 650-ամեայ յոբելեանը լաւ առիթ կ՛ընձեռէ հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան մասին խօսելու համար:
Ձեռնարկի ընթացքին հայկական երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ Արցախը ներկայացնող Սարիբէկ Սարգիսեանը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Լեհաստանի Հայկական հիմնարկին ջանքերով պատրաստուած Լեհաստանի Անյայտ զինուորի խորհրդանշական մայր հանդիսացող Եաթուիքա Զառուկեւիչովայի մասին պատմող շարժապատկերը:
Թեհրան
Իրանի Մէջ Լրագրողի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին, 8 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Իրանի մէջ Լրագրողի օրուան:
Ձեռնարկի ծիրին մէջ իրանցի լրագրողները այցելեցին Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եւ Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցիները:
Նոյն օրը Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ իրանցի լրագրողները հանդիպեցան համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ելոյթներ ունեցան Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Բեգլարեանը եւ «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գէորգ Վարդանը, որոնք ներկայացուցին իրանահայ համայնքի պատմութիւնն ու գործունէութիւնը:
Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Արթիւր Յակոբեանը կարդաց Իրանի մէջ Լրագրողի օրուան առիթով դեսպան Արտաշէս Թումանեանին շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ դեսպանը կը հաստատէր, որ իրանական լրատուամիջոցներու հետ գործընկերային յարաբերութիւնները սերտ են, աւելցնելով, որ դեսպանութիւնը գործնական քայլեր պիտի իրականացնէ հայ եւ իրանցի լրագրողներուն միջեւ համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Սպահան
Սպահանի Համալսարանը Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Ընդլայնելու Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան Բաժինը
Վերջերս Սպահանի համալսարանի նախագահի միջազգային հարցերով խորհրդականն ու միջազգային գիտական համագործակցութեան գրասենեակի պետ Քոմթյլ Թայեպ հանդիպում ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանին հետ: Հանդիպումի ընթացքին ան ընդգծեց համալսարանին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի հզօրացման ու անոր հովանաւորման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ համալսարանը պատրաստ է հայոց լեզուի ամպիոնի եւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի մատենադարանի միջեւ գիտական համագործակցութեան ընդլայնման, որուն համար որպէս հիմք կրնան ծառայել վանքի մատենադարանին մէջ պահուող արժէքաւոր աղբիւրներն ու փաստաթուղթերը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ ուղղակի յարաբերութիւնը:
Հանդիպումի աւարտին որոշուեցաւ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով երկու կողմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ աշխատանքային խումբ ստեղծել:
Օհանեան նշեց, որ Սպահանի համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի ուսանողներն ու դասախօսները կրնան շարունակական կապ ունենալ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ:
Արծարծուեցաւ նաեւ Հայաստանէն ուսանողներ ընդունելու հարցը` համագործակցութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին, հայ-իրանական պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւնները, ՀՀԳԱԱ-ի եւ Սպահանի համալսարանի միջեւ կապի հաստատումը, Սպահանի համալսարանին մէջ հայագիտական համաժողովի գումարումը եւ հայագիտութեան ծիրին մէջ ուսանողական ուսումնասիրութիւններու համար Սպահանի հայոց թեմի նիւթական ու բարոյական հովանաւորութեան անհրաժեշտութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Ճորճ Յակոբեան 250 Հազար Տոլար Կը Կտակէ Պոսթընի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ
Կեանքի վերջին տարիներուն Պոսթընի Ուալթհեմ շրջանին մէջ ապրած հանգուցեալ Ճորճ Յակոբեան տասնեակ տարիներ նուիրեալ եւ հաւատարիմ անդամ եղած էր Պոսթընի հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ:
4 դեկտեմբեր 2015-ին իր մահէն ետք իսկ Ճորճ Յակոբեան 250 հազար տոլարի կտակ ձգեց եկեղեցւոյ: Այդ գումարին 125 հազարը 2016-ին յատկացուած էր «Ճորճ Յակոբեան» հիմնադրամին, իսկ մնացեալը պիտի օգտագործուի եկեղեցւոյ եւ «Շարլ եւ Նուարդ Թալանեան» մշակութային սրահի նորոգութեանց համար:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ հայր Վազգէն Քուզուեան յայտնեց, որ Յակոբեան միշտ կեդրոնացած էր եկեղեցւոյ ներկայի եւ ապագայի կարիքներուն վրայ, հաստատելով, որ ան ուրախ պիտի ըլլար իր նուէրը այդ երկու նպատակներուն օգտագործելու իրողութեամբ:
Քանատա
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Խօսքը» Գ. Եւ Դ. Հատորներու Շնորհահանդէսը
6 օգոստոսին Լաւալի «Պոն Փասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» երրորդ եւ չորրորդ գիրքերուն շնորհահանդէսը:
Երկու հատորներուն ներկայացումը կատարեց Համբիկ Գարայեանը:
Շնորհահանդէսի աւարտին սրբազանը խօսք առնելով` գնահատեց Գարայեանը` գիրքերը ամբողջական կերպով ներկայացնելուն համար եւ շնորհաւորեց բժիշկ Հարպոյեանը:
Բժիշկ Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» գիրքերու շարքին անոր առաջին հատորը հրատարակուած է 2000-ին, իսկ 2011-ին հրատարակուած է իր երկրորդ աշխատասիրութիւնը, այնուհետեւ` 2015-ին Գ. եւ Դ. հատորները:
Նշենք, որ «Բժիշկին խօսքը» շարքին կողքին, բժիշկ Հարպոյեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ 2015-ին հրատարակած է «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» հատորները:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով հայ հասարակական կեանքին մէջ եւ յատկապէս Համազգայինի ծիրէն ներս աշխատած ըլլալուն համար 2009-ին պարգեւատրուած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Համազգայինի շքանշան»-ով: 27 սեպտեմբեր 2015-ին պարգեւատրուած է նաեւ Քանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի «Յովնան Մանդակունի» ազգային եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանով:
Չեխիա
Հայկական Երաժշտական Ժառանգութեան Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Չեխիոյ մշակոյթի նախարարութեան եւ Կարլի համալսարանի փիլիսոփայական բաժանմունքին եւ երաժշտագիտական հիմնարկի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի մշակութային ուսումնասիրութեան հետազօտական հիմնարկին, յուլիս ամսուան ընթացքին Փրակայի մէջ գումարուեցաւ Միջնադարեան եւ վերածնունդի երաժշտութեան միջազգային գիտաժողովը:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գիտաժողովի շրջագիծին մէջ ներկայացուեցաւ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութիւնը:
Ընդառաջելով կազմակերպիչներու խնդրանքին` Հայկ սրկ. Իւթիւճեան համակարգեց եւ կազմակերպեց երեք նիստ, որոնք նուիրուած էին արեւելեան եկեղեցիներու եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութեան: Նիստերուն ընթացքին ելոյթ ունեցան բիւզանդական, ղպտի եւ վրացական աւանդութիւններու մասնագէտներ, նաեւ` հայ գիտնականներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Արենի Ագպապեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ Պոլսոյ բերանացի աւանդութեան առանձնայատկութիւններու մասին, Երեւանի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Արուսեակ Թամրազեան ներկայացուց ձեռագիրներու վերաբերող իր ուսումնասիրութիւնները, Չեխիայէն Հայկ Իւթիւճեան խօսեցաւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հանճարեղ վանական հ. Անտոն Իւչգարտաշեանի խազաբանական աշխատանքներուն մասին:
Չինաստան
«Սփիւռքի Մէջ Երիտասարդ Հայ Հետազօտողներու Առաջին Առցանց Գիտաժողով»-ը
22 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի մէջ երիտասարդ հայ հետազօտողներու առաջին առցանց գիտաժողով»-ը, որուն նպատակն էր միաւորել եւ կապեր հաստատել աշխարհի տարբեր համալսարաններու մէջ աշխատող եւ ուսանող երիտասարդ գիտնականներու միջեւ եւ ներկայացնել հայկական աշխարհի զարգացման վերաբերեալ անոնց տեսլականը:
Չինաստանի հայկական համայնքի ղեկավար, գիտաժողովի հիմնադիր Մհեր Սահակեանի ունեցած ելոյթին հիմնական նպատակն էր վերլուծել եւ գործնական առաջարկներ տրամադրել չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան` Հայաստանի մասնակցութեան համար:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան` Մարինէ Սարգիսեանը, Տաթեւիկ Ազիզեանը, Էտկար Խաչատուրեանը, Անահիտ Պարզեանը, Լիսա Լեհիմճեանը, Վարուժան Գեղամեանը, Անուշ Պօղոսեանը, Սարեն Աբգարեանը, Միքայել Հայրապետեանը եւ Լիանա Եդիգարեանը:
Գիտաժողովին ելոյթ ունեցաւ «Նորավանք» ԳԿՀ գործադիր տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեանը, նաեւ` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ հաստատեց, թէ մասնակիցներուն գիտելիքները, ջանքն ու եռանդը պիտի նպաստեն մեր ազգի բարօրութեան եւ մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման:
Աստուածածնայ
Վերափոխման Տօն
Թեհրան
* 13 օգոստոսին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Ան խօսելով Աստուածամօր ինքնութեան եւ տիպարի մասին եւ անդրադառնալով անոր առաքինի կեանքին եւ անխորտակելի հաւատքին` նշեց, որ Ս. Մարիամ եղաւ ամենանուիրական եւ ամենասուրբ էակը, մնալով յաւերժական կոյսը Եկեղեցւոյ, նաեւ` խոնարհ, հեզ ու համեստ սպասաւորը Քրիստոսի:
Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
* Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան:
Նոր Ջուղա
13 օգոստոսին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Մինաս եւ Ս. Յովհաննու եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը:
Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեան: Ան իր քարոզին մէջ անդրադառնալով տօնի խորհուրդին` ընդգծեց, որ այս տօնը առիթ է մեր խորհրդածութեան առանցքը դարձնելու փոխադարձ հոգածութիւնը: Ան նաեւ յորդորեց ներկաները` սիրել եւ յարգել իրենց ծնողները, հոգածութիւն ցուցաբերելով անոնց նկատմամբ:
Միացեալ Նահանգներ
* 15 օգոստոսին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամները այցելեցին «Արարատ տուն»-ի Միշըն Հիլզի համալիրը եւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածինի տօնին յատուկ արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով` նախ իր հոգեկան ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս տօնին առիթով հաստատութեան բնակիչներուն հետ գտնուելուն համար, ապա բացատրեց խաղողի օրհնութեան իմաստը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ Ս. Աստուածածինի տօնը այսօր ալ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ Ս. Աստուածածինը ամէնէն բարի եւ գեղեցիկ տիպարն է իւրաքանչիւրիս համար եւ գօտեպնդեց ներկաները` յորդորելով, որ Ս. Աստուածածինի նման յոյսով, հաւատքով եւ սիրով ապրին ու իրենց կեանքը զօրացնեն Աստուածամօր տիպարով:
Խօսք առին նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներէն Ռապըրթ Թէյլըր եւ Տերիք Ղուկասեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, որ այս տօնական առիթները օգտագործելով` կ՛այցելեն «Արարատ տուն»:
Ապա հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան, որ իր քարոզին մէջ վեր առաւ Աստուածամօր ներկայութեան կարեւորութիւնը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, խաղողի իմաստն ու նշանակութիւնը Հայ եկեղեցւոյ հայեցակէտին մէջ, նաեւ տուաւ Աստուածամօր ապրած կեանքէն բխող օրինակներ: Ան շեշտեց Աստուածամօր ունեցած հզօր հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ եւ հրաւիրեց ներկաները` ապրելու նոյն ոգիով եւ հաւատքով: Պատարագի աւարտին խորանին վրայ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագէն ետք մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ հոգեւոր մատակարարման համար:
* Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 10 օգոստոսին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան այցելեց «Արարատ տուն»-ի Իկըլ Ռաքի մասնաճիւղը, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք եւ խաղողօրհնէք:












