
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոմպ յայտարարեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները յունուարէն ի վեր պատրաստութեան փուլի մէջ գտնուող ահաբեկչական ինը ծրագիրներ կանխարգիլած են:
Քոլոմպ ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.» կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ վտանգի մակարդակը տակաւին բարձր է` աւելցնելով, որ մտադիր է «Սանթինել» գործողութեան մէջ բարեփոխումներ կատարել` զայն աւելի ազդու դարձնելու համար:
Նշենք, որ 2015-ին ֆրանսական կառավարութեան կողմէ որդեգրուած «Սանթինել» գործողութիւնը կը նախատեսէ ապահովական մարմիններու, ոստիկանութեան եւ բանակի աւելի քան տասը հազար անդամներ ու տեղակայում ֆրանսական բոլոր քաղաքներուն մէջ:
Որոշումը որդեգրուած էր 2015-ին Փարիզի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումներէն ետք:


