Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերահաստատելով Քրտական Հանրաքուէի Դէմ Իր Երկրին Կեցուածքը` «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Իրաքի Մասնատման Որեւէ Միջոցառում» Յայտարարեց Մաթիս

August 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը հասաւ Պաղտատ` խորհրդակցելու համար ամերիկեան բանակի ղեկավարներուն եւ իրաքեան կառավարութեան պաշտօնատարներուն հետ:

Փենթակոնի ղեկավարը նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաքի եւ Սուրիոյ սահման եղող Եփրատ գետի երկու կողմերէն պաշարուած են եւ ահաբեկչական այդ խմբաւորման օրերը համրուած են:

Մաթիս Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ Իրաքի  պայքարին եւ դրուատեց արձանագրուած յաղթանակները:

Ակնարկելով 25 սեպտեմբերին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան հարցին շուրջ նախատեսուած հանրաքուէին` ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Իրաքի միասնականութեան պահպանման եւ կը մերժեն զայն մասնատելու ու կայունութիւնը քայքայելու ձգտող որեւէ միջոցառում:

Պաղտատ իր այցելութեան աւարտին ան մեկնեցաւ Էրպիլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի հետ:

Մաթիս մէկ օր առաջ այցելած էր Ամման, իսկ այսօր կ՛այցելէ Անգարա:

«Պաղտատ Չի Ճանչնար Էրպիլի Ծրագրած Հանրաքուէին
Օրինականութիւնը» Կ՛ըսէ Ֆայեատ

Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ֆլիհ Ֆայեատ յայտարարեց, որ Պաղտատ չի ճանչնար իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութեան ծրագրած հանրաքուէին օրինականութիւնը:

«Մենք պատրաստ ենք երկխօսութիւն կատարելու եւ լուծելու դաշնակցային կառավարութեան եւ մարզերու կառավարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը», նշեց ան` աւելցնելով, որ այդ հանրաքուէն նոր հարցեր պիտի ստեղծէ:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի իշխանութիւնները 25 սեպտեմբերին հանրաքուէ պիտի կատարեն Իրաքէն անկախութեան շուրջ:

Նախորդը

Թրամփ Աֆղանիստանի Հարցով Իր Ռազմավարութիւնը Յայտարարեց

Յաջորդը

«Իրան Հինգ Օրուան Ընթացքին Կրնայ Վերսկսիլ Իւրանիոմի Քսան Առ Հարիւրով Հարստացումին» Կ՛ըսէ Սալեհի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.