Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակադարձելով Զինք Շատ Լուրջի Չառնելու Մասին Կապրիէլի Յայտարարութեան` «Դուն Ո՞վ Ես, Քանի՞ Տարեկան Ես, Որ Թուրքիոյ Նախագահին Մասին Կը Խօսիս» Կ՛ըսէ Էրտողան

August 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արձագանգած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի` իր մասին օրեր առաջ յայտնած կարծիքներուն եւ յայտնած իր վրդովմունքը:

Կապրիէլ օրեր առաջ «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` խօսելով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Գերմանիոյ քաղաքացի լրագրող Տենիզ Եուճելի մասին, յայտնած էր, որ ան պատանդ է: «Մենք երկար ժամանակ Էրտողանի հարցին մէջ կ՛աշխատէինք տրամաբանական դիրքորոշում դրսեւորել: Սակայն երբեմն պէտք է շատ լուրջ չընդունիլ զինք»:

Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը «իր չափը չի գիտեր»: «Դուն ո՞վ ես, քանի՞ տարեկան ես, ի՞նչ քաղաքական անցեալ ունիս, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահին մասին կը խօսիս: Չափդ գիտցի՛ր: Դուն գնա արտաքին գործոց նախարարի հետ խօսիր: Դուն ո՞վ ես», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը անգամ մը եւս մեղադրած է Գերմանիան ահաբեկչական կառոյցներուն` մասնաւորաբար Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակցելու յանցանքով եւ շեշտած, թէ մինչեւ որ Գերմանիան Թուրքիոյ չարտայանձնէ իրենց պահանջած 4500 քիւրտերը` Տենիզ Եուճելի արտայանձնման մասին կարելի չէ խօսիլ:

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, որ Էրտողան, խօսելով երկրին մէջ մահապատիժի օրէնքի վերականգնման մասին, յայտարարած է, որ իրենց չի հետաքրքրեր այդ մասին եւրոպացիներուն կարծիքը:

«Կ՛ըսեն, թէ դռները պիտի փակեն մեր առջեւ, թող փակեն, մեզի մեր դռներն ալ բաւարար են: Ա՜խ, խեղճուկներ: Ես պիտի չնայիմ Հանսն ու Ճորճը ի՛նչ կ՛ըսեմ, ես պիտի նայիմ, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն իմ ժողովուրդիս զաւակները , իմ եղբայրներս: Մեզի այսօր շարք մը խնդիրներու առջեւ կանգնեցուցած են, որովհետեւ մենք ամէն ինչին չենք համաձայնիր, ինչպէս Սեւրի համաձայնագիրին ժամանակ», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէի Յետաձգումը Բացառուած Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.