Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէի Յետաձգումը Բացառուած Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

August 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց. «Մարզի Իրաքէն անջատման շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին` 25 սեպտեմբերին, եւ ատոր յետաձգումը բացառուած է»:

Ան ընդգծեց, որ յետաձգումը բացառուած է, եւ իրենք չեն ուզեր անցնող 100 տարիներու ձախող փորձառութեան վերադառնալ, ուստի որդեգրած են հանրաքուէի ընտրանքը:

Պարզանի հերքեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին խոստացած է յետաձգել հանրաքուէն` նշելով. «Ո՛չ, յետաձգման համաձայն չգտնուեցայ. համաձայն գտնուեցայ երկու կողմերուն համար աւելի լաւ ապագայ խոստացող տարազի մը շուրջ Պաղտատի հետ երկխօսութեան»:

Քրտական ինքնավար մարզի նախագահութեան պաշտօնին թեկնածութեան վերաբերեալ իր կեցուածքին մասին խօսելով Պարզանի ըսաւ. «Թեկնածութիւնս պիտի չառաջադրեմ, ո՛չ ալ ազգականներէս մէկը նախագահութեան թեկնածու պիտի առաջադրեմ: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած թուականին` յառաջիկայ նոյեմբերին, եւ եթէ կուսակցութիւնները վաղը որեւէ համաձայնական թեկնածու ներկայացնեն եւ ըսեն, որ մինչեւ ընտրութիւնները ժամանակաւորապէս այս է մեր թեկնածուն, զայն պիտի ընդունիմ»:

Նախորդը

Թրամփի Համոզումով` Բողոքի Ցոյցերը Պիտի Միաւորեն Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիները

Յաջորդը

Հակադարձելով Զինք Շատ Լուրջի Չառնելու Մասին Կապրիէլի Յայտարարութեան` «Դուն Ո՞վ Ես, Քանի՞ Տարեկան Ես, Որ Թուրքիոյ Նախագահին Մասին Կը Խօսիս» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.