Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ողջմտութեան Ու Ահաւոր Այլընտրանքին Թելադրանքը

August 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հակառակ դրացի երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու ընդդիմութեան, տողատակի սպառնալիքներուն ու զգուշացումներուն, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի շարունակ կը պնդէ, որ մարզի Իրաքէն անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն պիտի չյետաձգուի, անկէ ետդարձ պիտի չկատարուի, ատիկա քիւրտերուն բնական իրաւունքն է, այդ որոշումը անդառնալի է եւ եթէ ատիկա խոչընդոտուի, ապա պատճառ պիտի դառնայ նոր արիւնալի պատերազմի:

Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէն, սակայն, այն սուրն է, որ Էրպիլ մերթ ընդ մերթ կը ճօճէ Պաղտատի դիմաց, անկէ զիջումներ կորզելու համար: Հակառակ քրտական կողմին կատարած հնչեղ յայտարարութիւններուն, կը թուի, թէ այդ կանոնը չէ փոխուած եւ այս անգամ եւս նոյնն է պարագան:  Պարզանի 17 օգոստոսին նշեց, որ կրնայ  «յետաձգել» հանրաքուէն, եթէ Պաղտատ կատարէ կարգ մը պայմաններ, ինչպէս` նաւթի վաճառքէն գոյացած գումարներէն քրտական մարզին շահաբաժինի ամբողջական վճարումը եւ կառավարութեան ու բանակին մէջ խոստացուած պաշտօններուն յանձնումը քիւրտերուն: Այժմ Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ: Պարզանիի նպատակը առայժմ քրտական մարզի տէ ֆաքթօ անկախութեան ամրապնդումն է եւ ոչ թէ անոր տէ ժիւրէ ամրագրումը:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակներէն աւելի ինքնավստահ դարձած Իրաքի իշխանութիւնները ձանձրացած են քրտական իրերայաջորդ շանթաժներէն  եւ անոնցմէ դասեր քաղած: Անոնք հաւանաբար կը հաւատան, որ քիւրտերը, ինչպէս միշտ, մետասաներորդ պահուն ետդարձ պիտի կատարեն հանրաքուէի որոշումէն, մասնաւորաբար Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէի միջազգային  մերժումին լոյսին տակ. յստակ մերժում մը, որ կու գայ ամրապնդելու Պաղտատի բանակցային դիրքը:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւններուն կողմէ նշանակը այսքան բարձրացնելը, սակայն, վտանգաւոր խաղ մըն է: Իրաքեան իշխանութիւններուն սառնասրտութեան պարագային հանրաքուէի ժամկէտը որքան մօտենայ, այնքան կը տկարանան քրտական իշխանութիւններուն դիրքն ու ջիղերը: Պաղտատի անզիջող կեցուածքին կամ դատարկ խոստումներուն պարագային անոնք կրնան յաչս իրենց ժողովուրդին վարկաբեկուիլ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Էրպիլի իրերայաջորդ այս շանթաժները` անկախութեան հանրաքուէի պատրաստուիլն ու անկէ ետդարձ կատարելը քիւրտ բնակչութեան մօտ կը ստեղծեն ակնկալութիւններ եւ իրերայաջորդ յուսախաբութիւններ, ինչ որ կրնայ նպաստաւոր ըլլալ նախ եւ առաջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ նուազ չափով իսլամական թեքում ունեցող քաղաքական խմբաւորումներուն համար:

Տիրող կացութեան մէջ փոխզիջումային լուծումն ու հանրաքուէի յետաձգումը անխուսափելի է, որովհետեւ այլընտրանքը քրտական ինքնավարութեան արիւնալի կորուստն է, ինչ որ մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ քրտական դատին եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Հարուած մը, որ պիտի արձագանգէ նաեւ Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ: Այլընտրանքին ահաւորութիւնը կ՛երաշխաւորէ փոխզիջումային լուծման անխուսափելիութիւնը: Առնուազն այդ կը թելադրէ ողջմտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

«Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Նոր Գործողութեան Կրնայ Սկսիլ Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.