Պելճիքայի մէջ ինքնաշարժի վարորդ մը դիտմամբ իր ինքնաշարժը մխրճած է երեկոյթի մասնակիցներու խումբի մը մէջ, այդ պատճառով ալ արձանագրուած են չորս վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պելկա» լրատու գործակալութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, միջադէպը տեղի ունեցած է 19-էն 20 օգոստոս լուսցող գիշերը` տեղական ժամանակացոյցով ժամ 3:50-ին` Լիւքսամպուրկ գաւառի Ասենուա քաղաքին մէջ:
Լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով դատախազութեան ներկայացուցիչին, կը հաղորդէ, որ ինքնաշարժին մէջ եղած են երկու այլ մարդիկ, եւ վարորդը դիտմամբ ինքնաշարժը մխրճած է մարդոց խումբի մը մէջ:
Միջադէպին ականատեսները տեղի ունեցածին մասին անմիջապէս տեղեակ պահած են ոստիկանութիւնը, եւ յանցագործները շուրջ մէկ ժամ ետք ձերբակալուած են:
Դատախազութեան ներկայացուցիչին համաձայն, միջադէպը ահաբեկչական արարք չ՛որակուիր:



