Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի ենթակառուցուածքների եւ բնական պաշարներու նախարար, հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Աշոտ Մանուկեան ընդունած է Իրանի նախագահի խորհրդական եւ Իրանի ազատ առեւտուրի գօտիներու գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Աքպար Թորկանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` Աշոտ Մանուկեան շնորհաւորած է Իրանի բարեկամ ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններուն առիթով եւ յայտնած, որ նախագահ Ռուհանիի պաշտօնավարման երկրորդ շրջանին եւս հայ-իրանական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն յաջողութեամբ զարգանալ եւ խորանալ:
«Վստահ եմ` մեր համագործակցութիւնը տնտեսական բնագաւառին մէջ` յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ պիտի շարունակէ զարգանալ, խորանալ եւ փոխշահաւէտ արդիւնքներ պիտի բերէ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Իրանին», ըսած է Աշոտ Մանուկեան:
Աքպար Թորկանի շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ ուժանիւթի մարզը Իրանի տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն է:
Զրուցակիցները քննարկած են ուժանիւթի մարզին մէջ երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան հեռանկարները:
«Մենք շատ լաւ համագործակցութիւն ունինք Հայաստանի հետ` կազի եւ ուժանիւթի մարզին մէջ եւ անիկա ընդլայնելու կարելիութիւն եւ ներուժ կայ», ըսած է Աքպար Թորկանի:
Աշոտ Մանուկեան ներկայացուցած է մինչեւ 2036 Հայաստանի ուժանիւթի մարզի զարգացման ռազմավարութիւնը` նշելով, որ այսօր ընթացքի մէջ է Իրան-Հայաստան բարձրավոլթ երրորդ ելեկտրահաղորդման շինարարութիւնը: Անոր շնորհիւ Հայաստանէն դէպի Իրան ուժանիւթի արտահանման կարելիութիւնը կը հասնի 1050 Մեկաուաթի: Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստան-Վրաստան նոր ելեկտրահաղորդման բարձրավոլթ գիծի կառուցումը, որուն համակցումը Հայաստան-Իրան բարձրավոլթ գիծին կարելիութիւն կու տայ Հայաստանը դարձնել ուժանիւթի տարանցիկ երկիր Իրանի եւ Վրաստանի, ապա նաեւ Ռուսիոյ հետ:
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի կառուցման ծրագիրին, որուն առնչութեամբ արդէն կայ Իրանի ուժանիւթի նախարարութեան համաձայնութիւնը եւ փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ անիկա կարելի է դիտարկել իբրեւ ելեկտրականութիւն կազի դիմաց ծրագիրի բաղկացուցիչ մաս: Այդ ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երեւան ջրելեկտրակայանի 2-րդ արտադրամասի կառուցմանը:
Խօսելով Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման ծրագիրներուն մասին` նախարարը ընդգծած է Լոռիի մարզին մէջ 76 մեկաուաթ հզօրութեամբ «Շնող» ջրելեկտրակայանի կարեւորութիւնը, որ կը կառուցուի «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ» հիմնադրամին ֆինանսաւորումով: Ներկայացուած է նաեւ Մասրիկի մէջ կառուցուելիք 55 մեկաուաթ հզօրութեամբ առաջին արեւային կայանի կառուցման ծրագիրը:
Անդրադառնալով Մեղրիի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման` Աշոտ Մանուկեան ընդծած է. «Ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը եւս մեր օրակարգային հարցերէն է: Վստահ եմ` անիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի համար պատուհան դէպի Իրան, իսկ իրանցի գործարարներուն համար` դէպի Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան 180 միլիոննոց շուկայ»:




