Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Խորհրդականը` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ Ընթացող Տնտեսական Պատերազմին Մասին

August 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի գլխաւոր խորհրդատու Սթիվըն Պանըն յայտարարած է, որ իր երկիրը տնտեսական պատերազմ կը մղէ Չինաստանի դէմ:

«Մենք կը գտնուինք Չինաստանի դէմ տնտեսական պատերազմի վիճակի մէջ: Անոնք չեն վարանիր ըսելու, թէ ի՛նչ կ՛ընեն: Մեզմէ մէկը իշխող պիտի դառնայ յառաջիկայ 25-30 տարուան ընթացքին: Եւ եթէ մենք կանգնած մնանք ճամբու վրայ, ապա ատիկա պիտի ըլլան անոնք», ըսած է Պանըն «Ամերիքըն Փրոսփեքթ»-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ:

«Եթէ մենք շարունակենք պարտուիլ, ապա հինգ կամ տասը տարի ետք պիտի հասնինք այն կէտին, ուր արդէն պիտի չկարենանք վերականգնիլ», նշած է ան:

Պանըն նաեւ հաւանական նկատած է, թէ Փեքին կրնայ հասնիլ համաձայնութեան, որ պիտի յանգեցնէ Փիոնկիանկի հիւլէական ծրագիրի սառեցման, իսկ Ուաշինկթըն այդ պարագային իր զօրքերը պիտի հեռացնէ Քորէական թերակղզիէն: Սակայն, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, Պանընի կարծիքով` այդպիսի բան կարելի է միայն հեռաւոր ապագային:

Նախապէս Չինաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը` արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր առեւտրական քաղաքականութեան շուրջ հետաքննութիւն սկսելու նախաձեռնութեան, յայտարարած էր, որ Փեքին ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ Ուաշինկթըն միակողմանի կարգով որեւէ առեւտրական սահմանափակում մտցնէ մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան պատրուակով: «Չինաստան յոյսով է, որ ամերիկացի առեւտրական ներկայացուցիչները պիտի յարգեն եւ պիտի հետեւին առարկայական փաստերուն, ինչպէս նաեւ պիտի գործեն զգուշութեամբ», յայտնած են նախարարութենէն` աւելցնելով. «Իսկ եթէ Միացեալ Նահանգներ նկատի չառնեն այդ փաստերը եւ շարունակեն գործել ի վնաս երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններուն, Չինաստանը «ձեռքերը ծալած» պիտի չդիտէ եւ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն պիտի ձեռնարկէ «իր օրինական իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան» համար:

14 օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցուցմունք տուած էր ուսումնասիրելու Փեքինի կողմէ «ամերիկեան մտաւոր սեփականութեան յափշտակութիւնները»: «Ես առեւտրական բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին թելադրեցի ուսումնասիրել Չինաստանի քաղաքականութիւնը եւ գործողութիւնները ամերիկեան ճարտարագիտութեան յանձնումին եւ ամերիկեան մտաւոր  սեփականութեան յափշտակութիւններուն առնչութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հետաքննութեան սկիզբը «մեծ քայլ է, սակայն ատիկա միայն սկիզբն է»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը յայտնէ, որ եթէ ամերիկեան կողմը հեղինակային իրաւունքներու խախտման փաստ բացայայտէ, Ուաշինկթըն կրնայ ձեռնարկել շարք մը միջոցներ, որոնց շարքին` շատ բարձր սակագիներ սահմանել չինական ներմուծման վրայ եւ ջնջել այն արտօնագիրները, որոնք տրուած են Չինաստանի ընկերութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարութիւն վարելու համար:

 

Նախորդը

«Մենք Ստիպուած Ենք Համագործակցիլ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Թայանի

Յաջորդը

«Գերմանիա Կը Փորձէ Այլ Պետութիւններու Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Խանգարել» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.