Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուտան Եգիպտոսի Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին

August 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուտանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Խարթում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պաշտօնապէս նոր բողոքագիր մը ներկայացուցած է Եգիպտոսի հետ վիճելի տարածք նկատուող Հալայէպ շրջանին մէջ եգիպտական միջոցառումներուն դէմ:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուտանի դեսպան Օման Տահապ Ապահովութեան խորհուրդին յղուած նամակին մէջ յայտնեց, որ եգիպտական իշխանութիւնները 18 մարտին գործադրած են Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` շէնքերը, առեւտրական կեդրոններն ու սուտանեան կառավարական կառոյցները վերացնելու որոշումը: Եգիպտական ոստիկանութեան ու բանակի պաշտպանութեան տակ օգտագործուած են քարշակներ եւ փլած Պաշշարիյին եւ Ապապիտա ցեղախումբերու անդամ սուտանցիներու պատկանող 164 խանութներ եւ 40 բնակարաններ:

«Գահիրէ այս քայլը կատարեց այն պատրուակով, որ շէնքերը փլուզման եզրին են ու անկանոն` խոստանալով նոր շէնքեր ու բնակարաններ եւ այս բոլորը հակառակ բնակիչներու մերժումին ու բողոքին», ըսաւ դեսպանը` աւելցնելով, որ եգիպտական բանակը «բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ» կը կառուցէ 1800 քառակուսի մեթր տարածքով զինուորական դիրք մը:

Սուտան նաեւ բողոքեց Հալայէպի Ապու Ռամատ շրջանին մէջ եգիպտական բանակի հետեւակներու գումարտակի մը տեղակայման դէմ` ամբաստանելով, որ եգիպտական իշխանութիւնները շրջանի ղեկավարներն ու շէյխերը կանչելով զանոնք բռնի «աքսորած» են Գահիրէ` հանդիպում ունենալու եգիպտացի կառավարական պաշտօնատարներու հետ, որոնք զանոնք դրած են եգիպտական ներկայութիւնը ընդունելով Հալայէպի մէջ մնալու կամ բռնի տեղահանման ու վտարման միջեւ ընտրանք մը կատարելու հրամայականին առջեւ:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիա Կրնայ Ապահովել Քաթարի Բոլոր Պահանջները» Կ՛ըսէ Զէյպեքճի

Յաջորդը

«Ասթանայի Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Օգոստոսի Վերջաւորութեան» Ըսաւ Տը Միսթուրա

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.