Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Կ՛անդրադառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկսութեան Յարուցած Դատին

August 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Օգոստոս 15ին ներկայացուցած է նախարարութեան տարեկան զեկոյցը՝ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ։

Թիլըրսըն ըսած է, որ կրօնական ազատութեանց արտակարգ սահմանափակումներ կան յատկապէս «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ուր եզիտիներն ու քրիստոնեաները, լաւագոյն պարագային՝ յատուկ հարկ կը վճարեն, սակայն յաճախ կը սպաննուին, կը բռնաբարուին, կամ կը վաճառուին իբրեւ ստրուկներ:

Թիլըրսըն նշած է. ««Իսլամական պետութեան» զինեալները ցեղասպանութիւն գործադրած են եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ շիի իսլամներու դէմ»: Ան շեշտած է, թէ լուրջ խնդիրներ կան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի, Փաքիստանի, Սուտանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ։

«Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները կը շարունակեն սահմանափակել որոշ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն մարդկային իրաւունքները, իսկ որոշ համայնքներու մէջ կը շարունակուին կրօնական սեփականութեան շուրջ վէճերը», ըսած է ան։

Զեկոյցին մէջ նշուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 Յունիսին, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը՝ ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, Դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Զեկոյցը կը յիշէ նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները դադրեցուցած են կրօնական ծիսակատարութիւնները Աղթամար կղզիի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագ կատարել կ՛արտօնուի տարին մէկ անգամ միայն:

«Ակօս» կը գրէ, թէ զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին եւ նշուած է, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել ընտրութիւններուն: Հոն յիշատակուած է նաեւ Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ եկեղեցիներու պետականացման պարագան. մասնաւորապէս ըսուած է, թէ կը սպասուէր, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն իբրեւ հետեւանք մեծ վնասներ կրելէ ետք՝ այդ եկեղեցիները անյապաղ վերադարձուէին համապատասխան համայնքներու հիմնարկներուն:

«Ոչ-իսլամներուն մեծ մասը կ՛ապրի Պոլսոյ եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ: Յստակ թիւեր չենք գիտեր, բայց համայնքներուն ներկայացուցած տուեալներով՝ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի 90 հազար հայ, որոնցմէ 60 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացի է, իսկ մնացեալը ապօրինի կարգավիճակով կը գտնուին հոն: Մնացեալ ոչ-իսլամ համայնքներուն թիւերը հետեւեալն են՝ 17 հազար հրեայ, 2500 կաթոլիկ յոյն, 25 հազար ուղղափառ ասորի, 22 հազար եզիտի, 15 հազար ռուս, 5000 Եհովայի վկայ եւ 2000 ուղղափառ յոյն», նշուած է զեկոյցին մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայ որբերու ճամբարը՝ «Քամփ Արմէն»ը հայկական համայնքին վերադարձնելու հարցին, նշելով, որ այդ իրաւունքին վերատիրանալու համար համայնքը պայքարած է 175 օր:

Յիշեցնելով, որ կրօնական ազատութեան սահմանափակումը ծայրայեղականութիւն եւ կրօնական արմատականութիւն ծնող հիմնական պատճառն է՝ Թիլըրսըն ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ-սիւննի իսլամները եւս պետութեան կողմէ պաշտպանուած չեն: Արդարեւ, սպառնալիքներու թիրախ են նաեւ ալաուիները, հրեաները, ինչպէս նաեւ բողոքականները։ Ան արտայայտուած է նաեւ կիւլենականներուն հետ կապ ունենալու մեղադրանքով Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի ձերբակալութեան մասին՝ այդ արարքը անօրինական քայլ նկատելով:

Նաեւ, Թիլըրսըն ըսած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ, 2016ին ձերբակալուած են կրօնական 86 առաջնորդներ, որոնք քաղաքական բանտարկեալ կը նկատուին տեղական դիտորդներու կողմէ: «Իշխանութիւնները կը շարունակեն փակել կրօնական հաստատութիւնները եւ խափանել կրօնական ծառայութիւնները», նշուած է նախարարութեան զեկոյցին մէջ։

Նախորդը

Ուաշինկթըն Եւ Լոնտոն Կը Հերքեն. Ռուսիա Չի Բացառեր Բրիտանիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Սուրիոյ Ընդդիմութեան Թունաւոր Նիւթերու Արտածման Շուրջ Միջազգային Հետաքննութիւն Մը

Յաջորդը

Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Իրանի Հետ Իր Զինուորական Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.