Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1967)

August 17, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Հաւաքական
Ընդվզումով…

Մեր շաբաթ օրուան թիւով տուինք Ղարաբաղի մէջ պատահած վերջին դէպքին լուրը, որուն սարսռազդեցիկ անդրադարձը դեռեւս կ՛ապրին բազմահազար հայեր:

Նման դէպքեր միշտ չեն պատահիր ու ամէն երկրի մէ՛ջ չեն պատահիր: Թերեւս աշխարհի ոչ մէկ մասին մէջ պատահած է, որ ուսուցիչ մը, մարդու մը հետ ունեցած մէկ խնդրին պատճառով, անոր որդին, ի՛ր աշակերտը, իննամեա՜յ աշակերտը խողխողէ: Այդպիսի ոճիրներ արձանագրուած են մեր սահմաններուն վրայ որջացած ցեղին անունին դիմաց, անունո՛վ միայն:

Տափաստանային այդ արիւնը կրող խաժամուժին բերումով` թուրքին թրքութեամբ եւ թաթարին թաթարութեամբ մարդկութիւնը, իրաւամբ, ճանչցաւ նոր ու արիւնոտ աւանդութիւններ, որոնց շարքը զարմանալիօրէն կը շարունակուի տակաւին:

Թերեւս թուրքին պարագան ըմբռնելի է դեռ. ինքնիշխան է թուրքը եւ կրնայ լայն ասպարէզ տալ իր առհաւական բնազդներուն, բայց ապշեցուցիչ է իր ցեղակիցին ընթացքը, թաթարականութեան համար թաթարի՛ն կիրարկած միջոցը: Թաթարը ենթակայ է Խորհրդային Միութեան, ազատ չէ առանձին որոշում տալու, գործադրելու, բայց, հակառակ ասոր, անտեսելով «եղբայրական» յեղյեղուած նշանաբանը, պարբերաբար կը ցուցադրէ ցեղային ատելութեամբ վառուած իր քստմնելի դէմքը, ինչպէս կը վկայէ իր դեռատի աշակերտը խոշտանգող եղեռնագործ ուսուցիչը:

Այս աննախընթաց ոճիրին առիթով հարկ է մէկ կողմ դնել բոլոր վերապահութիւնները եւ յառաջացած ընդվզումին տալ հաւաքական բնոյթ մը: Մեր արիւնը չի կրնար անխռով մնալ հոս: Հայրենիքը պէ՛տք ունի մեր աղաղակին:

Աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ, որեւէ անիրաւութեամբ տառապող ո՛եւէ մարդու ցաւը ըմբռնող եւ իր ցաւակցութիւնը բանաձեւող ժողովուրդը եղած ենք մենք եւ Ղարաբաղի մեր մանուկ մարտիրոսին առիթով չէ, որ վերապահ պիտի մնանք:

Չմոռնա՛նք: Շահուած յաղթանակի մը մասին չէ խօսքը: Ծանօթ է, որ յաղթանակներուն հպարտութիւնը հաւաքաբար բաժնելու շատ վարժութիւն չունինք:

Խօսքը կը վերաբերի մխացող վէրքի մը, ու վէրքերու ատեն կուռ հաւաքականութիւն մը ըլլալու փաստը տուած ենք: Հարկ է նոր բացուած այս վէրքին առիթո՛վ եւս տալ այդ փաստը, շարժի՛լ, համոզումով շարժիլ, համոզելու տենդով, այն անխորտակ յոյսով, որ հաւաքական բողոքը առաւել եւս պիտի փութացնէ արդարութեան քայլերը:

XX

 

Այցելութիւն Մը Շթորայի
«Կազդուրման Կայան»

Յաճախ լսեր ու կարդացեր էի Շթորայի հայկական գիւղի, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող «Կազդուրման կայան»-ի մասին, բայց երբեք առիթ չէի ունեցած այցելելու:

Այս տարի զանազան առիթներով կարողացայ մօտէն հետաքրքրուիլ այս գիւղով եւ կարողացայ անձամբ այցելել: Ըստ հոս հաստատուող ազգայիններու, այս գիւղը հիմնուած է 1938-ին: 1939-ին Ճեմարանի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան, ինքն ալ հաստատուած է հոս, եւ իրեն հետեւած են բազմաթիւ ընկերներ եւ ազգայիններ:

Շթորայի հայկական գիւղը պտտելէ ետք պարտք նկատեցինք այցելել նաեւ տեղւոյն «Աղբալեան» վարժարանը` հիմնուած Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով: Սոյն վարժարանի շէնքը կը ծառայէ իբրեւ եկեղեցի եւ դպրոց, իսկ հողը կը պատկանի Լիբանանի Հայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, որուն ջանքերով, ամրան երեք ամիսներուն կը դառնայ «Կազդուրման կայան», ուր օդափոխութեան կը բերուին Պէյրութի զանազան շրջաններէն չքաւոր հայ ընտանիքներու զաւակներ, որոնք զրկուած են օդափոխութեան բարիքներէն:

«Կազդուրման կայան»-ի գաղափարն ու հաստատութիւնը կը պարտինք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն անձնուէր ու հանրային գործիչներ` Լոլա Սասունիի, Արծրունիի, Առաքելեանի, Ֆեթթելեանի, Տէր Կարապետեանի, Գլըճեանի, Հայկականեանի եւ Գրուշեանի յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքին ու զոհաբերութեանց:

«Կազդուրման կայան»-ի մուտքին մեզի ներկայացուցին «Կազդուրման կայան»-ի զոյգ պատասխանատուներ` Զապէլ Թորոսեանը, Մարի Քէշիշեանը, երկու փորձառու ու հմուտ ուսուցչուհիներ, որոնք աւելի քան քսանեւհինգ տարիներ նուիրուած են ուսուցչութեան եւ հայ մանուկներու դաստիարակութեան սուրբ գործին: Մարի Քէշիշեան երեք տարիէ ի վեր իր անձը նուիրած է «Կազդուրման կայան»-ի ազգասիրական ծառայութեան եւ բարեփոխած է զայն իր հմուտ մանկավարժական գիտութեամբ: Հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնները ամրան երեք ամիսներուն օդափոխութեան կարելիութիւններէ զրկուած հայ մանուկները հաւաքելով, ամէն ամիս 65 հոգի կը ղրկեն Շթորա` անոնց ընծայելով գիշերօթիկ դպրոցի մը բոլոր յարմարութիւնները: Սրահին մէջ տեսանք 65 մաքուր եւ կոկիկ մահճակալներ, անկողիններ եւ ճաշարանի, ինչպէս նաեւ խոհանոցի անհրաժեշտ եղող բոլոր կազմածները: Իսկապէս գնահատելի է, թէ փոքրիկները ինչպիսի՛ ծնողական սէր ու գուրգուրանք, ուսում, սնունդ եւ ամէն տեսակ հոգածութիւն կը ստանան, որմէ զրկուած են իրենց հօրենական տուներու մէջ:

Ամէն օր բազմաթիւ ազգայիններ զանազան երկիրներէ եւ Լիբանանէն կ՛այցելեն այս հաստատութիւնը: Նոյն օրը Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան տնօրէնուհի Անթի Սոզանսըն իր ութ շրջանաւարտուհիներով այցելեց եւ գնահատեց «Կազդուրման կայան»-ին մէջ նշմարած անկողիններու կարգն ու յարդարումը, ինչպէս նաեւ` ննջարանի եւ ճաշարանի մաքրութիւնը, հոն ծառայող օրիորդներու եւ պաշտօնեաներու կատարած ու յայտնաբերած ազգանուէր ծառայութիւնը, աշակերտներու հանդէպ տածած  ծնողական գուրգուրանքն ու սէրը:

Երբ հիւրերս ներս մտանք աշակերտներու ննջարանը, պատասխանատու Մարի Քէշիշեան ի մի հաւաքեց մանուկները եւ քանի մը գնահատանքի խօսքերով` մեզ ներկայացուց անոնց. իսկ աշակերտները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին երգերով:

Բացայայտ է, որ «Կազդուրման կայան»-ը այսօրուան բացառիկ կատարելութիւնն ու յառաջդիմութիւնը կը պարտի խաչուհիներու անսահման զոհաբերութեան, նաեւ` կարգ մը սրտցաւ ու ազգասէր հայ տիկիններու եւ բարերարներու, որոնք իրենց այցելութիւններով ու իրենց բացառիկ նուէրներով օժտած են զայն գիշերօթիկ դպրոցի մը բոլոր յարմարութիւններով:

Այս առթիւ կը մաղթենք, որ այս հայկական օճախը աւելի ծաւալի, մեծնայ ու ուռճանայ եւ ունենայ ազգասէր բարերարներ, որոնք իրենց մեծամեծ ու ճոխ նուիրատուութիւններով կանգուն պահեն այս օրինակելի հաստատութիւնը: Կը գնահատենք այս հաստատութեան` վարիչ մարմինները, անձնուէր վարժուհիներն ու պաշտօնեաները:

Կը մաղթենք, որ հայ օգնութեան խաչուհիները Պէյրութի մէջ ալ հիմնեն «Կազդուրման կայան»-ի պէս գիշերօթիկ վարժարան մը, ուր հայ մանուկները հայեցի դաստիարակութեան հետ նաեւ ստանան անհրաժեշտ սնունդ, առողջութիւն եւ հոգածութիւն, եւ պատրաստուին տիպար հայեր ու խաչուհիներ, որոնց միակ մտածումն ու գործը ըլլայ հայապահպանում ու ազգակերտում:

ԱՅՑԵԼՈՒ ՄԸ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ականջացաւ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.