Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Անիրաւներու Սխալ Գրաւը Եւ ՀՄԸՄ-ի Ներուժը

August 15, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Կրկնուող երեւոյթի վերածուած են այլեւս մարզական աշխարհին մէջ իրաւարարներու ճակատագրական սխալները (եթէ անշուշտ այնքան միամիտ ըլլանք եւ կարծենք, թէ միայն սխալներ են…):

Առանց տարածուելու աշխարհին մէջ, լուսարձակները կեդրոնացնենք Լիբանանի ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու ախոյեանական կամ բաժակի մրցումներու ընթացքին յաճախ պատահող խայտառակութիւններուն վրայ (օգտագործելու համար ամէնէն բարեկիրթ եւ մեղմ բառը):

Բոլոր խումբերուն համար ալ կրնայ նոյնը ըլլալ, բայց խօսինք ՀՄԸՄ-ի պարագային, որովհետեւ բազմաթիւ ճակատներու վրայ կը ճակատի…:

Քանի՜, քանի՜ առիթներով  մեր սիրտերէն արիւն հոսած է, ի տես երկար եւ կամաւոր աշխատանքէ, նոյնպէս սահմանափակ դրամական միջոցներէ գումարներու յատկացումէն ետք,  իրաւարարներու կամ անիրաւներու սխալներու պատճառով երազներու չքացումին:

Անշուշտ չի մոռցուիր ֆութպոլի այն տխրահռչակ «իրաւարարը», որ ՀՄԸՄ-ի մէկ մրցումի աւարտին յաւելեալ երկու վայրկեան ազդարարեց եւ… աւելի քան 10 վայրկեան քաշքշեց հա՜ քաշքշեց, մինչեւ մրցակիցը կոլ նշանակէ եւ յաղթէ: Հաւանաբար ձեռքէն եթէ գար ինք պիտի նշանակէր յաղթանակի կոլը…

Ճակատագրական սխալներ, ճակատագրական խայտառակութիւններ, որոնք լուրջ վնասներ պատճառած են գրեթէ բոլոր խումբերուն, մանաւանդ սահմանափակ միջոցներով, արիւն քրտինքով պայքարի դաշտ նետուած խումբերուն:

Վերջին օրինակը կիրակի կէսօրին էր: Այո՛, մրցումի ժամ որոշուած է կիրակի կէսօրին, Ժիպէյլի մէջ: Բնական կը թուի՞ ձեզի: Եթէ կիրակի կէսօրին Ժիպէյլի մէջ պիտի խաղան, ե՞րբ պէտք է հասնին, որպէսզի պատրաստ ըլլան խաղին` նկատի ունենալով կիրակիներու խճողումը: Իսկ վերադարձը. բացառիկ երեւակայութիւն մը չ՛ուզեր պատկերացնելու համար: Այսինքն` մէկ խօսքով մրցումը չսկսած արդէն դժուարութիւնները ցցուած են կազմակերպական առումով:

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին մրցակիցը այդ օր 1875 խումբն էր: Յաղթանակի պարագային  ՀՄԸՄ կ՛անցնէր ֆայնըլ ֆոր, որուն համար ամէն ոք ջանք չէր խնայած:

Մրցումին առաջին 3 քորթըրները  ընթացան ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որ խաղը պարտուեցաւ 46-43 արդիւնքով…:

Պիտի ըսէք մարզական խաղերու, մանաւանդ պասքեթպոլի մէջ բնական երեւոյթ է: Այո՛, այդքանը գիտենք, կը ներէք:

Բայց վերջին երկվայրկեաններուն խումբի մը դէմ երկու ֆաուլ տալ, եւ մարզիչին` թեքնիքըլ… կը ներէ՞ք:

Այս բոլորէն ետք,  յուսահատ, բայց չյուսալքուած  ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները վստահաբար իրենց մէջ պիտի գտնեն ներուժը, պիտի միախմբեն մարզիկները եւ անցնին նոր արշաւի:

Բան մը, որ անհասկնալի եւ անծանօթ է անիրաւներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Արձանագրեց Նշանակալից Յաղթանակ Մը` Թայփէի Դէմ

Յաջորդը

Ակնարկ. Աշխարհակարգային Իրադրութիւններ. Չինական Բեւեռի Կայացման Ընթացքը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.