Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասթանա Էքսփօ-2017» Միջազգային Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ 16 Օգոստոսին Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Ազգային Օր

August 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար, «Ասթանա էքսփօ»-ի մէջ Հայաստանի տաղաւարի յանձնակատարի տեղակալ Մհեր Բադալեան յայտնեց, որ Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող «Ասթանա Էքսփօ- 2017» մասնագիտացած միջազգային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ 16 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ազգային օր: Մհեր Բադալեանի համաձայն, նախատեսուած են շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց լոյսին տակ պիտի ներկայացուին հայկական մշակոյթն ու Հայաստանի զբօսաշրջային կարելիութիւնները:

«10 յունիսէն սկսեալ տաղաւարը կը գործէ իր ամբողջական աշխուժութեամբ, 9 յունիսին Ասթանա այցելեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ան ներկայ գտնուեցաւ տաղաւարի բացումին: Հայկական տաղաւարին գլխաւոր շեշտադրումը Հայաստանի ուժանիւթի կարելիութիւններն են` վերարտադրուող ուժանիւթը, ապագայի ուժանիւթը», նշեց Մհեր Բադալեան:

Ան նկատեց, որ ուժանիւթի նախագիծերով հետաքրքրուողներ շատ կան, անոնք պարբերաբար իրենց հետ փոխյարաբերութիւններ կը մշակեն` նպատակ ունենալով ծանօթանալ Հայաստանի ուժանիւթի ծրագիրներուն:

«Մենք հետաքրքրուողներուն կը ներկայացնենք այն փաստը, որ մեր երկրին մէջ այլընտրանքային ուժանիւթի մարզը սկսած է թափ ստանալ, այդ մարզի ներդրումային կարելիութիւններուն վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատուական նիւթեր կը տրամադրենք: Բնականաբար նաեւ կը փոխանցենք համապատասխան կապեր», դիտել տուաւ Բադալեան:

Բացի ատկէ, արուեստագիտական հետաքրքրական լուծումներով կը ներկայացուի Հայաստանի պետութիւնը: Հայաստանին տրամադրուած տարածքին մէջ ցուցադրուած են ո՛չ միայն այլընտրանքային ուժանիւթի հայաստանեան առաջարկները, այլեւ անոր զուգահեռ ներկայացուած են Հայաստանի մշակոյթի, պատմութեան, տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ ներդրումային կարելիութիւնները: Մասնագիտացած միջազգային ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարը կը գտնուի «Մետաքսի ճամբայ» կոչուող հաւաքական տաղաւարին մէջ:

Այս ցուցահանդէսը առաջինն է, որ տեղի կ՛ունենայ ԱՊՀ պետութիւններէն մէկուն մէջ: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է 10 յունիսին եւ բաց պիտի մնայ 3 ամիս: Փակումը նախատեսուած է 10 սեպտեմբերին: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութինը հաստատած են 115 պետութիւններ եւ 10 միջազգային կազմակերպութիւններ: Այս ընթացքին միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու հոսք կ՛ակնկալուի: Մասնակցող երկիրները կը ներկայացնեն ուժանիւթի խնայողութեան համաշխարհային լաւագոյն արհեստագիտութիւնը եւ ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներու օգտագործման մարզին մէջ առկայ նորագոյն մշակումները:

10 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ Ղազախստան մեկնած նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է «Ասթանա Էքսփօ-2017» մասնագիտացած միջազգային ցուցահանդէսի հայկական տաղաւար: Նախագահին ներկայացուած են հայկական տաղաւարին մէջ կատարուած աշխատանքները, ցուցադրուած նիւթերն ու յառաջիկայ երեք ամիսներուն նախատեսուող աշխատանքները: Ասթանայի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ մինչեւ 10 սեպտեմբեր կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ մասնակցող երկիրներուն ազգային օրերը:

Նախորդը

Քանատահայ Շամլեան Ընտանիքի Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը Կը Թեւակոխէ Իր 13-րդ Տարին

Յաջորդը

Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Նաեւ Իտալիոյ Մէջ` Վենետիկի Շարժապատկերի Փառատօնին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.