Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Իրաւունքով Եղծանել Դուրեանի Շիրիմը…

August 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրագէտ Վահրամ Մաւեան, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական գրասենեակին աշխատակիցն էր միաժամանակ, Պոլիս իր հերթական այցելութենէն ետք բաւական խօսուն վերնագիրով մը կը կնքէ իր տպաւորութիւնները գրառած մէկ յօդուածը` «Քաղաքը, որ կ՛ապրի իր մեռելներով»:

Միայն Մաւեա՞նը միթէ… Քանի՜-քանի այցելուներ, իրենց Պոլիս կեցութեան շրջանին, նոյնիսկ պոլսեցիներ` դպրոցական ըլլան թէ շրջանաւարտ, գերեզմանատուներու մէջ կ՛որոնեն իրենց անցեալը, յագուրդ կու տան պատմութեան հանդէպ իրենց ծարաւին, կը ստեղծեն մօտիկութիւն մը մեծ բանաստեղծներուն կամ անհատներուն հետ:

Շատեր անպայման կը յիշեն Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, երբ առաջին անգամ քաղաքս կ՛այցելէր, առաջին իսկ ազատ պահուն իր շունչը կ՛առնէր Պաղլարպաշըի հայոց գերեզմանատան մէջ` տեսնելու համար Պետրոս Դուրեանի շիրիմը… Այո՛, Պետրոս Դուրեանի, որուն շիրիմը ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներուն ուխտավայր մը դարձած է, ո՛չ միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին արժանացած է վերջերս, այլ բոլո՛ր հայերուն համար եղած է այցելավայր մը` շատ հին ժամանակներէն սկսեալ: Անկարելի է հոս չյիշել Զապէլ Եսայեանի հրաշալի տողերը` «Սկիւտարի վերջալոյսներ»-էն, ուր գրագիտուհին զգայուն տողերով կը նկարագրէ իր այցելութիւնը Դուրեանի շիրիմին:

Դուրեանի շիրիմին պատմութիւնը հետեւեալն է. բանաստեղծը, որ իր կենդանութեան շրջանին աւելի ծանօթ էր որպէս թատերագիր ու դերասան, կը մեռնի 1872-ին` 21 տարեկանին. իր մահէն ետք ընթերցասիրաց ընկերութիւնը կը տպագրէ Դուրեանի երկերը, եւ գոյացած գումարով իսկ կը կանգնեցուի շիրիմը` 1874-ին: Յակոբ Պարոնեան եւ ժամանակակից մտաւորականները հետամուտ էին, որ ոչ մէկ բան թերի մնայ: Տապանագիրի հեղինակն է Պետրոս Դուրեանի 14-ամեայ եղբայրը` Միհրան, հետագային` Եղիշէ Դուրեան պատրիարքը (տապանագիրը կը խմբագրէ բանաստեղծ Խաչատուր Միսաքեան):

Դուրեանի շիրիմը կը բարեկարգուի 1893-ին:

1898-ին Եղիշէ Դուրեան իր միջոցներով դարձեալ կը վերանորոգէ շիրիմը, որուն հակառակ կողմին վրայ փորագրել կու տայ «Իմ մահը» տաղին վերջին քառեակը: Ուշադիր դիտող մը պիտի նկատէ, որ Դուրեանի շիրիմը համալիր մըն է. ձախին թաղուած է իր մայրը` տիրամայր Արուսեակ Դուրեան, իսկ աջին` Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի տիրամայրը` Իսկուհի Խաչատուրեան: Գարեգին Խաչատուրեան յատուկ խնամք կը տանէր այս շիրիմներուն, քանի որ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի ձեռնասունն ըլլալով` իր բարոյական պարտքը կը համարէր այդ մէկը:

Արդէն 1950-ականներու աւարտին, երբ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ` պողոտան ընդլայնելու նպատակով, առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամայրերուն շիրիմներն ալ, օրուան պատրիարք Գարեգին Խաչատուրեանի հսկողութեամբ, կը տեղափոխուին ա՛յն տեղը, ուր մինչեւ այսօր կը մնան (այս տեղափոխութեան ժամանակ Դուրեանի գանկը կը հանուի ու կը բերուի պատրիարքարան, ապա կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան: Ասիկա այլ պատմութիւն մըն է, զոր գրած եմ ատենին եւ յառաջիկային կը պատրաստուիմ աւելի մանրամասնելու): Ուշադիր աչք մը պիտի նկատէ, որ տիրամայրերուն շիրիմները յար եւ նման են իրարու: Անոնց տապանագիրերը քանդակուած են այն տառատեսակով, որ յատուկ է Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի շրջանին կառուցուած շէնքերուն կամ իր գրած գիրքերու ճակատին քանդակուածներուն:

Անցեալ շաբաթ Սկիւտար գացեր էի, Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը, լուսանկարելու համար Վահան Թէքէեանի հօր` Գալուստի գերեզմանը (որ լքեալ վիճակի մէջ է եւ կարիք ունի խնամքի): Գերեզմանատունէն ելլելու ժամանակ ուզեցի այցելել նաեւ Դուրեանի շիրիմը: Ցնցիչ անակնկալ մը կը սպասէր սակայն ինծի…

Դուրեանի շիրիմին ճի՛շդ առջեւը տեղադրուած էր քարի հսկայ զանգուած մը, որ իր խոշորութեամբ ու կոշտութեամբ կը խանգարէր երեք շիրիմներուն նուրբ ներդաշնակութիւնն ու խոտոր կը համեմատէր անոնց համաչափութեան: Աւելի քան 120 տարիներու անցեալ մը ունեցող այս շիրիմը ինչո՞ւ ուզած էին եղծանել` նորոգել ուզելու քողին տակ: Պարզ նորոգութիւն մը թերեւս բա՛ւ ըլլար: Ինչո՞ւ չափազանցել եւ վայրը օտարացնել իր այցելուներէն: Քարակոյտին վրայ քանդակուած էր «Իմ մահը» բանաստեղծութեան հայերէն բնագիրը եւ, չես գիտեր` ինչո՞ւ, թրքերէն թարգմանութիւնը: Նոյն «Իմ մահը», որուն վերջին քառեակը 1898-ին շիրիմի ետեւի կողմը քանդակել տուած էր Եղիշէ Դուրեան պատրիարքը: Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի` միա՛յն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային` սիւնին ետեւը կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, ապա պիտի ուրախանային իրենց գիւտով: Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի՛ է դառնալ շիրիմին շուրջը, ուր մնաց` կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը:

Յետոյ, ի՞նչ պէտք կար թրքերէնին… Ա՛յդ ալ` սխալներով: Պետրոս Դուրեան Պալեան գերդաստան մը, Յակոբ Մարթայեան մը, Երուանդ Ոսկան մը չէ՛, որ օսմանեան հասարակութեան ալ սեփականութիւնը դարձած ըլլար, իր գործերը տարածում գտած ըլլային բազմազգ հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ: Պետրոս Դուրեան բանաստե՛ղծ է: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են իրմով, հաճին կարդալ իր գործերը` գիրքերէն կամ համացանցէն, բայց` ո՛չ շիրմին վրայ…

Գիտե՛մ, թերեւս տարօրինակ թուի ձեզի, սակայն յատկապէս կը սիրեմ այցելել մեծերուն շիրիմները: Շատ անգամ հասած եմ խուլ վայրեր` տեսնելու համար մեծ մարդոց, բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու, երաժիշտներու շիրիմները: Յաճախ միա՛յն անուն մը կայ քանդակուած անոնց վրայ: Այցելուն արդէն գիտէ, թէ ո՛վ է ան: Պետրոս Դուրեան կարիքը չունի գերեզմանին առջեւ ունենալու իր բանաստեղծութիւնը, այդ ալ` նաեւ թրքերէն թարգմանութեամբ: Միայն անունը բաւակա՛ն է: Իսկ մենք միայն մեր չտեսութիւնը ցուցադրած կ՛ըլլանք նման անպիտան քարակոյտերով:

Ո՛չ թէ կը յուսամ կամ կը մաղթեմ, այլ պահանջելու նման կը խնդրեմ պատկան մարմիններէն, պատասխանատու անձերէն` հոգեւորական թէ աշխարհական, որ շուտափոյթ որոշումով ու քայլով մը նախկին տեսքին բերեն Դուրեանի շիրիմը: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի եղծանելու զայն…

[email protected]

 

Նախորդը

Առիաւան` Առաջին Բնապահպանական Գիւղը Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Մտորումներ Արա Մալիքեանի Ելոյթին Առիթով

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.