ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
27 յուլիս 2017 երեկոյեան Ժիպէյլի Պիպլոսի փառատօնի ձեռնարկներու ծիրին մէջ միջազգային համբաւ վայելող, նախկին լիբանանահայ Արա Մալիքեանի եւ անոր խումբին նուագահանդէսը կայացաւ գերազանցապէս գեղեցիկ եւ նորարարական բարձր մակարդակով: Վստահ եմ, որ ներկաները ապրեցան գեղեցիկ եւ որակաւոր նուագահանդէս մը ըմբոշխնած ըլլալու հպարտալի բաւարարութիւն, մանաւանդ որ արուեստագէտ Արա Մալիքեան նախկին լիբանանահայ է եւ` շատերուն ծանօթ ու բարեկամ:
Այս առիթով ունեցած կարգ մը խորհրդածութիւններս կ՛ուզեմ սեփականութիւնը դարձնել հանրութեան եւ մասնաւորապէս մեր համայնքի մէջ գործող միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:
Ամէն տարի հետզհետէ Լիբանանի մէջ յաւելեալ թափ ու տարողութիւն կը ստանայ փառատօներու կազմակերպումը` յուրախութիւն գեղարուեստասէր հասարակութեան, անշուշտ անոնք կ՛ըլլան տարբեր բնոյթի եւ որակի` գոհացնելով տարբեր բնոյթի եւ որակի նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցող հանդիսականները:
Այս ամառ տեղի ունեցան հայութիւնը առաւելաբար հետաքրքրող երեք ելոյթներ (անշուշտ այլ ելոյթներ ալ նուազ հետաքրքրական չեն). առաջին` «Բարեկամութիւն» պարախումբը, ղեկավարութեամբ հայրենի պարուսոյց Նորիկ Մեհրաբեանի, Տըպպայէի փառատօնին ծիրին մէջ. երկրորդը միջազգային մեծ համբաւ վայելող արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի համերգն էր` Ֆաքրայի փառատօնին, եւ վերջապէս` միջազգային վարկ վայելող նորարար ջութակահար Արա Մալիքեանի եւ անոր նուագախումբին համերգը: Մինչ այդ յիշեցնենք, որ Մալիքեան իբրեւ մենակատար` նուագած է աւելի քան քառասուն երկիրներու նուագախումբերու հետ` Մատրիտէն մինչեւ Թոքիօ:
Անձնապէս կրցայ ներկայ գտնուիլ «Բարեկամութիւն» պարախումբին, ինչպէս նաեւ Արա Մալիքեանի ելոյթներուն. երկու ձեռնարկներու պարագային ալ անխառն հպարտութիւնս խոցուեցաւ, երբ իրազեկ դարձայ, որ պարախումբին ելոյթին տոմսերը հարկ եղած վաճառքը չեն ունեցած, եւ հարիւրաւոր տոմսեր ձրիաբար բաժնուած են, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդունելի ներկայութիւն ապահովել: (Դժբախտաբար Ազնաւուրի ելոյթին չկրցայ ներկայ գտնուիլ):
Իսկ ինչ կը վերաբերի Արա Մալիքեանի ձեռնարկին, նկատելի էր, որ որոշ տոմսեր իբրեւ հրաւէր բաժնուած էին, հաւանաբար աւելի քիչ թիւով, քան` «Բարեկամութիւն» խումբի պարագային. բայց միւս կողմէ` նկատելի էր, որ ելոյթի վայրին աջ ու ձախ կողմերու աթոռները վերցուած էին, որպէսզի ելոյթի ներկաներուն թիւը բաւարար ըլլալու տպաւորութիւն ձգէր, եւ դատարկ աթոռներուն առկայութիւնը զգալի չըլլար: Տարբեր անձերու վկայութեամբ, Մալիքեան երբեմն տասնեակ հազարաւոր հանդիսականներ ունեցած է իւրաքանչիւր ելոյթի, որ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
Այս բոլորը կ՛ըսենք մատնանշելու համար, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարիներու ընթացքին տարած մշակութային աշխատանքներուն եւ գործունէութեան` միշտ ալ փորձած ենք մեծ տարողութեամբ որակաւոր մշակութային նախաձեռնութիւններ կատարել. երբեմն յաջողած ենք,
իսկ երբեմն, փափաքելով հանդերձ, խուսափած` գիտակցելով, որ նման քայլ մը առնելը նիւթական եւ բարոյական մեծ ճիգ ու կարողականութիւն կը պահանջէ:
Իսկ վերջին տարիներուն տարբեր փառատօներու կազմակերպիչներ կը փորձեն միջազգային վարկ ունեցող հայ արուեստագէտներ եւ խումբեր հրաւիրել: Ամբողջ գաղութով եւ կազմակերպութիւններով պէտք է զօրավիգ կանգնինք այդ նախաձեռնութիւններուն եւ ծանուցումներով, հայկական եւ լիբանանեան տեղեկատուական միջոցներու կողմէ կատարուած հարցազրոյցներով զօրաշարժի ենթարկենք պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռը, գրաւոր ու ելեկտրոնային մամուլը եւ ամէն ինչ, որ կրնայ ծառայել այս նպատակին: Ի պահանջել հարկին նոյնիսկ պէտք է տոմսերու վաճառման նպաստել այնպէս մը, որ մենք կազմակերպած ենք ելոյթները. թող չըսուի, որ ասիկա փառատօներու կազմակերպիչներուն կը վերաբերի միայն, ո՛չ, ասիկա ամբողջ լիբանանահայութեան հետաքրքրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ: Այս տարուան ելոյթներու պարագային, այս բոլորը տեղի չունեցան, իսկ եթէ անդրադարձ կատարուեցաւ, ուրեմն` ձեռնարկներէն ետք միայն: Պէտք է գիտակցինք, որ նման բան ընելը կարեւոր է արժէքաւոր արուեստագէտները աւելի եւս քաջալերելու եւ անոնց քարոզչական ենթահողը զօրացնելու համար:
Միւս կողմէ, զօրակցելով փառատօներուն, մղած կ՛ըլլանք զանոնք կազմակերպողները` յաջորդող տարիներու նմանօրինակ հայեր հրաւիրելու առումով աւելի քաջալերուելու եւ այլ նախաձեռնութիւններու եւս դիմելու:
Չի բաւեր հպարտանալ եւ ծափահարել մարդիկը, որոնք դէպի միջազգային հարթակներու վրայ նուաճումները կատարած են` առանձնապէս իրենց ճիգերով միայն, ընդհանրապէս` առանց փափաքելի լոպիինկի ճիգերու, որոնք կը կատարուին այլ ժողովուրդներու պարագային: Եթէ անոնց վերելքին չենք կրնար նպաստել, գոնէ տէր ըլլանք անոնց, երբ անոնք արդէն բարձր դիրքերու վրայ իրենք զիրենք հաստատած են:
Այս բոլորին անհրաժեշտութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, երբ յիշենք, որ Արա Մալիքեանի նուագահանդէսին ատեն միջազգային ջութակահարը շատ նուրբ քարոզչական նրբերանգներով կրցաւ ներկայ հանրութիւնը յուզել, երբ պարզ ոճով եւ իր կեանքի պատմութեան անդրադառնալով, ինքզինք ծանօթացնելով` յիշեց իր մեծ հայրը եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին անոր պատահածը, նաեւ, քայլ մը աւելի անդին երթալով, նոյնքան պարզ եւ նուրբ ձեւով, արուեստագէտը ներկայացուց իր ստեղծագործութիւններէն մէկը` յայտնելով, որ զայն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ` այլ ցեղասպանութիւններու: Ասիկա` ազնիւ ու նուրբ ձեւով, հեռու քարոզչականութեան աչք ծակող կոպիտ, լալկան ու մեծամիտ դրսեւորումներէ: Այս կը նշանակէ, որ նման ելոյթներ իրենց երաժշտական պարզ պարունակէն անդին ալ կրնան անցնիլ…
Ուսանելի է, որ մշակութային բարձրորակ ներկայացումներով աշխարհին դիմաց հանդէս գալը հայ մարդու որակական տեսակի դրսեւորումները աւելի ազդեցիկ կրնան ըլլալ միջազգային հանրութեան վրայ, քան` շատ մը ինքնագով ու աժան քարոզարշաւները, որոնք երբեմն համապատասխան որակը չունենալով` չեն դիմանար ժամանակի քաղաքակրթական պահանջներուն եւ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը:
Վարձքը կատար` Շարլ Ազնաւուրին, «Բարեկամութիւն» պարախումբին, անոր ղեկավար Նորիկ Մեհրաբեանին եւ, վերջապէս, լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Մալիքեանին եւ անոր նուագախումբին:





