Կանխելով նախագահ Միշել Աունի նախաձեռնած ընկերային-տնտեսական հանդիպումին արդիւնքները` առնչակից կողմեր երէկ սպառնացին «շարժիլ եւ փողոց իջնել» աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծի խորհրդարան վերադարձի կամ անոր անտեսման պարագային:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր ժողով մը գումարելով պիտի վճռէ իր կեցուածքը աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծին գծով:
Ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ մաղթեց, որ օրինագիծը վաւերացուի նախքան յառաջիկայ հոկտեմբեր 2017-ը, «որպէսզի մեզ չստիպէք փողոց իջնել»:
Երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նազիհ Ժեպպաուի անհաւանական նկատեց դպրոցական «բնականոն վերամուտ»-ը` օրինագիծի ձգձգման պարագային:
Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ «արդար իրաւունք» որակեց օրինագիծի պահանջը` սպառնալով «շարժիլ եւ փողոց իջնել» անոր կիրարկման ձախողութեան պարագային:
Վարչամեքենայի Գրասենեակները
Ընդհանուր Գործադուլի Պիտի Դիմեն
Պետական վարչամեքենայի գրասենեակներու պաշտօնէութիւնը ընդհանուր գործադուլի պիտի դիմէ այս երկուշաբթի` իբրեւ բողոք աշխատավարձերու յաւելման օրինագիծի կիրարկման գծով քայլերու ձգձգման դէմ:



