Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Նախապատրաստութեան Եւ Կազմակերպման Պետական Յանձնախումբի Նիստը

August 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին գլխաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպման պետական յանձնախումբի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են նախաձեռնութիւններու նախագիծերը եւ հայեցակարգային մօտեցումները: Նիստին ներկայացուած են նաեւ տօնակատարութիւններուն առնչուող տարբեր առաջարկներ, քննարկուած են զանազան նախարարութիւններու կողմէ կատարուող աշխատանքները:

Պատասխանատուներուն համաձայն, վարչապետ Կարէն Կարապետեան նախաձեռնութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ յանձնարարականներ տուած է` կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու բարձր մակարդակով իրականացումը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յանձնարարեց
Աջակցիլ Տեղական Արտադրողին

Կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին սկիզբը վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղական արտադրողին աջակցելու յանձնարարութիւն տուաւ:

Անոր համաձայն, գիւղատնտեսական սարքերու, կարկտապաշտպան ցանցերու, կաթիլային ոռոգման համակարգերու տեղադրման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այգիներու հիմնումին եւ կայացման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներու ներածման համար գոյութիւն ունեցող մաքսային վճարումները կրնան լրացուցիչ բեռ յառաջացնել:

Բացի ատկէ, վարչապետը նշեց, որ, հաշուի առնելով այն, որ տեղական արտադրողները տակաւին չեն ապահովեր շուկայի պահանջները, անհրաժեշտ է այս մարզին համար նախատեսուած ապրանքներու  ներմուծման համար սահմանել ժամանակաւոր խրախուսման մեքանիզմներ:

«Մեկնելով վերոնշեալէն` կը յանձնարարեմ գիւղատնտեսութեան եւ  տնտեսական զարգացման նախարարներուն, պետական եկամուտներու  կոմիտէի նախագահին` միամսեայ ժամկէտի մէջ միասին քննարկելու եւ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացնելու գիւղատնտեսութեան մարզի բարեփոխման ուղղուած պետական աջակցութեան ծրագիրներու  շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ ապրանքներու ներմուծման մաքսային վճարումներու ժամանակաւոր արտօնութիւններ սահմանելու եւ տեղական արտադրողներուն աջակցելու ուղղուած առաջարկներ», ըսաւ Կարէն Կարապետեան:

Նախորդը

Շարմազանով. «Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչումը Միայն Ժամանակի Հարց Է»

Յաջորդը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Մտահոգ Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.