Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր երեկոյեան պիտի մեկնի Քուէյթ` «թիւրիմացութեան մը հարցը լուծելու» առաջադրանքով:
Ծանօթ է, որ վերջերս Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հըզպալլայի գծով հակադիր կեցուածք ցուցաբերած էր, ինչ որ կրնայ վնասել Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական բարեկամական յարաբերութեանց:
Նոյն ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ քուէյթցի իր պաշտօնակիցին հետ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու առնչակից հարցերը:



