Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Անմար Կանթեղը Լուսոյ» (Հեղինակ` Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան)

August 9, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» գիրքը, բաղկացած` 176 էջերէ եւ հինգ մասերէ:

Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան կ՛ըսէ, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումէն (2004) մինչեւ այսօր, այդ որոշումին իսկական շարժառիթին հետ առնչուած հասարակաց համոզում մը դեռ չէ գոյացած:

Եօթանասուն եւ ինը տարի շարունակ անդուլ ղօղանջեցին լուսոյ տաճար` Մելգոնեան կրթական հաստատութեան զանգակները: Անոնք ղօղանջեցին խորհրդաւոր ուժգնութեամբ` մերթ աղջկանց շէնքէն ու մերթ ալ տղոց: Անոնք ղօղանջեցին պատկառելի զանգակատուն գագաթէն` իրենց շուրջ համախմբելու համար ի սփիւռս աշխարհէն մէկտեղուած հայ տղաք-աղջիկներ, որոնք ծարաւի էին հայեցի դաստիարակութեան, պահանջքը ունէին Մելգոնեանով հայանալու:

Պատմական ակնարկին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակով 1926-ին Կիպրոսի մէջ, Նիկոսիայէն քիչ մը հեռու բացուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը: Հաստատութեան պատմութեան մէջ, գիտութիւններու կողքին յատկանշական էին արուեստի, կերպարուեստի եւ երաժշտութեան բնագաւառները: Մելգոնեանի ուսանողական տարիներուն է, որ կը յայտնաբերուին ուսանողին թաքուն ձիրքերը, ըլլան անոնք գրական, նկարչական, երաժշտական, մարմնամարզի, նոյնիսկ գրադարանավարութեան վարժութիւն ձեռք ձգելու լաւագոյն վայրն է հաստատութեան մատենադարանը:

Հայրենի հողին կանչը ունէր իր լռելեայն արձագանգը, նաեւ Մելգոնեանի յաջորդական սերունդներուն մէջ: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ սերունդի զգալի տոկոսը անպայմանօրէն կը մեկնէր Հայաստան` բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ հայրենիք-սփիւռք միաձոյլ մեծ ամբողջութիւն մը կազմելու:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ընդհանուր համայնապատկերը դիտուած՝ ջրամբարի բարձունքէն

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան կտակի յանձնառութեան բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ կրթական մարզը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ ծրագրային կարեւոր բնագաւառ մը ՀԲԸՄ-ին համար. բարեգործականը նիւթական հսկայ ներդրումներ կատարած է գաղթաշխարհի մէջ, հաստատելով ուսումնական այլազան ծրագիրներ, որոնք գոհացում տուած են հայութեան կարիքներուն:  Տրուած նախապատուութիւնն ու շեշտը համապատասխան եղած են կազմակերպութեան ընդհանուր առաքելութեան. պահել ու զարգացնել հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը` կրթական, մշակութային ու մարդասիրական ծրագիրներով: ՀԲԸՄ ստանձնեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հոգատարութիւնը: Մելգոնեան եղբայրներու տեսլականով առաջնորդուած, հաստատութիւնը իրագործեց մարդասիրական բացառիկ նպատակներ: Ուսումնական նոր առիթներ ստեղծուեցան գաղթաշխարհի հայ ուսանողութեան համար:

Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները եղած են իրենց ժամանակի բացառիկ դէմքերէն, որոնք ունեցած են տեսլական ու տոգորուած են բարեսիրական զգացումներով իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ: Անոնք մեր ժողովուրդի մեծագոյն բարերարներէն կը նկատուին: Մելգոնեան եղբայրները ՀԲԸ միութեան վստահեցան մատակարարումը իրենց նուիրատուութեան, որ բարձր մակարդակով ծառայէ հայ ժողովուրդի ազնուագոյն նպատակներուն:

Գիրքին յաջորդ բաժինը հարցազրոյցներ են մանկավարժ-արուեստագէտ Սեպուհ Աբգարեանի, ազգային բարերար Նազար Նազարեանի, բազմավաստակ տնօրէնուհի Սօսի Պետիկեանի եւ արուեստագէտ Յակոբ Յակոբեանի հետ:

Գիրքին հինգերորդ բաժինը Մելգոնեան կրթական հաստատութեան գործունէութեան նուիրուած առանձին յօդուածներ են:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը Վերծանութիւն Եւ Քննութիւն» (Հեղինակ` Հենրիկ Բախչինեան)

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.