Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հռչակուեցաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Ֆինլանտայի Թամփերէ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասնող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան 66 քկ դասակարգի աւարտականին ան պարտութիւն մը կրեց իրանցի Ամին Քաւիանինեճատէն` 3-3 արդիւնքով:
Ամոյեան աւարտականի իր տոմսը ապահովեց յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն:
Տիգրան Մինասեան (55 քկ) պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն:



