Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Հաժ Հասան Հովանաւորեցին Հերմելի Զբօսաշրջական Համալիրին Բացումը

August 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան անցեալ շաբաթավերջին հովանաւորեցին Հերմելի «Լազուրտ» զբօսաշրջական համալիրին բացումը` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Նաուար Սահիլիի, Մարուան Ֆարեսի եւ Էմիլ Ռահմէի, ինչպէս նաեւ Հերմելի հեղինակութիւններուն:

Նախարարներ Կիտանեան եւ Հաժ Հասան շրջապտոյտ մը կատարեցին զբօսաշրջական համալիրին մէջ` ընկերակցութեամբ համալիրի ճարտարապետ Հիշամ Մաթարի, որ ողջունեց ներկաները:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներու ազատագրումին եւ գերիներու վերադարձի տօնակատարութիւններուն զուգահեռ զբօսաշրջական ծրագիրի մը բացումը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն յատկանիշներէն է: «Լիբանանցին գիտէ տագնապներէն դուրս գալ եւ կեանքը իր սովորական ընթացքով շարունակել, որովհետեւ ան կեանքը կը սիրէ», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ շրջանի քաղաքապետարաններուն, ճամբորդական գրասենեակներուն եւ սենտիքաներուն միջեւ գործակցութեան ծրագիրներ պիտի մշակուին Հերմելի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Զբօսաշրջութեան նախարարը դրուատեց Հերմելի զբօսաշրջական համալիրի այս իւրայատուկ ծրագիրը` քաջալերելով նման ծրագիր մը յաջողցնելու համար ներդրում կատարողը:

«Զբօսաշրջութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի երկրին տնտեսութիւնը զարգացնելու առումով, հետեւաբար երկրին ապահովութիւնը պէտք է կայուն պահել, որպէսզի ներդրողները քաջալերուին եւ նոր ծրագիրներ փորձեն յաջողցնել` զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու ի խնդիր», հաստատեց Կիտանեան:

Իր կարգին, Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հերմելի այս համալիրը բարգաւաճման ուղիին վրայ արձանագրուած քայլ մըն է, իսկ Հերմելը զբօսաշրջութեան համար լաւ շրջան մըն է` նկատի ունենալով անոր զբօսավայրերը:

Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, բանակը, ապահովութեան ուժերն ու լիբանանցիները` հաստատելով անհրաժեշտութիւնը «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին ամրապնդումին` դիմադրելու համար Իսրայէլին եւ ահաբեկչութեան:

Զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւելու իմաստով, Հաժ Հասան կոչ ուղղեց հսկայ աշխատանքի մը նախաձեռնելու` ներառելով նախարարութիւնները, պետական պատկան մարմիններն ու քաղաքապետարանները:

 

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Հաշտութեան 16-ամեակի Նշում

Յաջորդը

Պըրրի Ներկայ Գտնուեցաւ Ռուհանիի Երդման Արարողութեան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.