Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Անկիւնադարձային Է» Շեշտեց Պըրրի

August 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ մեկնեցաւ Թեհրան` ներկայ գտնուելու համար Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի պաշտօնավարութեան երկրորդ նստաշրջանի ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան:

Թեհրանի մէջ Պըրրի հանդիպումներ պիտի ունենայ իրանցի պատասխանատուներու հետ:

Մեհրապատի միջազգային օդակայանին մէջ Պըրրի դիմաւորուեցաւ Իրանի խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Մեսուտ Պազեշքեանի կողմէ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք հպարտութեամբ  եկած է մասնակցելու Իրանի ապրած ժողովրդավարական այս տօնակատարութեան` շնորհիւ Իրանի նախագահական ընտրութիւններուն:

Պըրրի շնորհաւորեց Իրանը եւ իրանցի ժողովուրդը բոլոր պատժամիջոցներուն դէմ անոնց ցուցաբերած գոյատեւումի ուժգին կամքին համար: «Ողջունելի է նաեւ Իրանի զօրակցութիւնը` շրջանի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք կը մերժեն Միջին Արեւելքի բաժանումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անկարելի է մոռնալ նաեւ պաղեստինցիներուն նկատմամբ Իրանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մէջ արձանագրուած նոր յաղթանակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Դիմադրութեան համար այդ յաղթանակը նորութիւն մը չէ` նկատի ունենալով 2006-ին Իսրայէլի դէմ  անոր արձանագրած յաղթանակը: Յարձակումը յարձակում է ըլլայ ան հարաւէն, թէ արեւելքէն: Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակը անկիւնադարձային է, եւ անիկա ազգային առումով ո՛չ միայն հաւասար է 2006-ի յաղթանակին, այլեւ` այդ յաղթանակին վրայ յաւելեալ արժէք կը նկատուի»:

Նշենք, որ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ատակ է շարունակելու արեւելեան լեռնաշղթայի մաքրագործումը ահաբեկչութենէն, որ ներկայիս գոյութիւն ունի միայն ՏԱՀԵՇ-ի ընդմէջէն:

Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը շրջանի լաւագոյն բանակներէն մէկն է եւ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարին մէջ ինքզինք փաստած է:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի ճակատամարտը սկսելու ժամկէտին, ապա ատիկա կը ճշդուի լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ», հաստատեց Պըրրի:

 

 

Նախորդը

Բանակը ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը Ռմբակոծելով Վնասներ Կը Պատճառէ Անոնց

Յաջորդը

Պասիլ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Պէտք Է Մասնակցին Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.