Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որ շնորհաւորեց զինք Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային ապահովութիւնը հաստատելու առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ հայր Մաժտի Ալլաուին, որ շնորհաւորեց բանակի հրամանատարը` բանակի տօնին առիթով:
Ալլաուի բարձր գնահատեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու առումով բանակին մատուցած զոհողութիւնները:



