Չինաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները Հնդկաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին` չփորձելու Փեքինի համբերութիւնը եւ հնդիկ զինուորները անմիջապէս հեռացնելու Տուքլամ բարձրաւանդակէն, ուր անոնք երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը խախտած են աւելի քան 1,5 ամիսէ ի վեր:
«Մեր համբերութիւնը չափ ու սահման ունի, եւ այս ոտնձգութեան ասկէ աւելի պիտի չհամբերենք», ընդգծեցին Չինաստանի երկու նախարարութիւնները:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քինկ Շուանկ յայտնեց. «Հնդկական կողմը այժմ շարունակ կը կրկնէ «խաղաղութիւն» բառը, սակայն մենք միայն մտիկ չենք ըներ, այլ նաեւ գործերուն կը նայինք»:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը նոյնիսկ Տուքլամ բարձրաւանդակին վրայ ճամբու շինութեան սկիզբէն առաջ ցոյց տուաւ իր «բարի կամեցողութիւնն ու համբերութիւնը» եւ 8 մայիսին ու 8 յունիսին Հնդկաստանը զգուշացուց այդ ծրագիրին գործադրութիւնը շարունակելէն:



