4 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի դատին գլխաւոր փաստաբաններէն Ճեմ Սոֆու Օղլուի հետ: Խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատի իրաւական յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան դատական հոլովոյթին ներկայ փուլը եւ յառաջիկայ կարելիութիւնները, մասնաւորաբար Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Ապա, վեհափառ հայրապետը եւ ներկաները հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցան իրաւական յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ:



