Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

August 3, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած անդրանիկ ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անդրադարձաւ շաբաթ, 22 յուլիսին տեղի ունեցած ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն` շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղելով բոլոր այն ակումբներուն, որոնք վստահութիւն ցուցաբերեցին իրենց նկատմամբ եւ նոր նստաշրջանի մը համար ընտրեցին նոր անդամներ:

Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի ախոյեան Ահտ ֆութպոլի ակումբը, որ բացառիկ արդիւնքներ արձանագրեց արաբական ակումբներու ախոյեանութեան` մրցաշարքէն դուրս մնալով առանց պարտութիւն մը կրելու, ինչ որ իւրայատուկ յաջողութիւն կը նկատուի:

Ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար յայտարարեց, որ 26 օգոստոսին Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնի յանձնախումբերուն ժողովը` Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով:

Այդ ժողովին պիտի կազմուին նոր յանձնախումբեր:

Ֆետերասիոնը մարզական բոլոր լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ 2017-2018 տարեշրջանին համար նոր քարտերը ստանալու համար դիմելու վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբերը:

Այդ թուականէն ետք որեւէ ուշացումի համար պիտի վճարուի երկու հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը: Բացի ատկէ, այդ դիմումը կրնայ ընդունուիլ կամ մերժուիլ:

Ֆետերասիոնը յիշեցուց, որ բոլոր ակումբները, պատասխանատուները, իրաւարարները, մարզիչներն ու մարզիկները, որոնք ֆետերասիոնին հետ առնչութիւն ունին, ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է մասնակցին այսպէս կոչուած Մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործունէութիւններուն: Եթէ պատահի, որ անոնք մասնակցին, դուրս պիտի դրուին ֆութպոլի ֆետերասիոնէն եւ անոնց անունները պիտի ջնջուին ֆետերասիոնին տոմարներէն:

ՖԻՖԱ-ի որոշումին համաձայն, բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն կազմակերպումը կը կատարէ միայն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

Այլ գետնի վրայ, այս շաբաթավերջին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարբեր մրցաշարքերով. Ա. դասակարգի առաջին վեց խումբերը գրաւողները կը մասնակցին մրցաշարքի մը, մինչ տարբեր մրցաշարքի մը կը մասնակցին մնացեալ վեց խումբերը:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ.-
ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՕԳՈՍՏՈՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ահտ – Սալամ Զղարթա 17:00 Պհամտուն
Անսար – Նըժմէ 17:00 Թրիփոլի
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 8 ՕԳՈՍՏՈՍ.
Ահտ – Սաֆա 17:00 Պհամտուն
Անսար – Նեպի Շիթ 17:00 Ահտ
ՇԱԲԱԹ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ.
Սալամ Զղարթա – Սաֆա 17:00 Ահտ
Նըժմէ – Նեպի Շիթ 17:00 Պհամտուն
ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔ.-
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՕԳՈՍՏՈՍ.
Շապապ Արապի – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 17:00 Ահտ
Թատամոն Սուր – Թրիփոլի 17:00 Պհամտուն
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 7 ՕԳՈՍՏՈՍ.
Շապապ Արապի – Ռասինկ 17:00 Սաֆա
Թատամոն Սուր – Ախա Ահլի Ալէյ 17:00 Ահտ
ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ.
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ռասինկ 17:00 Ահտ
Թրիփոլի – Ախա Ահլի Ալէյ 17:00 Սաֆա
Նախորդը

Թոնի Քրուս Ռէալ Մատրիտի Հետ Սկսաւ Իր Փորձերուն

Յաջորդը

Խեսուս Նաւաս Վերադարձաւ Սեւիլլա

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.