Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը Չի Ճանչնար Վենեզուելայի Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

August 2, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ յայտարարեց, որ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը չի ճանչնար Վենեզուելայի մէջ Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքը:

«Հաստատ, որ չենք ճանչնար Վենեզուելայի մէջ Ազգային ընտրական յանձնախումբին յայտարարած արդիւնքները, որոնք օրինականութեան վերջին մնացորդը չքացուց, որովհետեւ օրինական ընտրութիւնները չեն կրնար կայանալ ճնշումի եւ բռնութեան մթնոլորտի մէջ», նշեց ան:

Քուպայի իշխանութիւնները իրենց կարգին յայտնեցին, որ Վենեզուելան միջազգային յարձակումի կ՛ենթարկուի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին աջակցութեամբ:

«Արշաւը շատ լաւ համակարգուած է եւ անոր նպատակը վենեզուելացի ժողովուրդը լռեցնելն ու անոր կամքը չճանչնալն է, որպէսզի յարձակումներու եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ճամբով ստիպեն, որ անձնատուր ըլլայ», յայտնեցին Քուպայի իշխանութիւնները` նշելով, որ միայն վենեզուելացիները իրաւունք ունին լուծելու իրենց հարցերն ու իրենց ապագան ճշդելու:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատեցին Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ` «ժողովրդավարութիւնը խաթարելուն համար»: Ուաշինկթըն յայտնեց, որ Սահմանադիր ժողովի ընտրութիւնները «անօրինականօրէն կը խլեն ժողովրդավարական ձեւով ընտրուած խորհրդարանի սահմանադրական դերն ու բռնապետական վարչակարգ կը հաստատեն»:

Սառեցուած են Մատուրոյի բոլոր այն հաշիւները, որոնք այժմ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու իրաւասութեան դաշտին մէջ, իսկ ամերիկացիներուն կ՛արգիլուի որեւէ գործարք վարել անոր հետ:

«Իշխանութիւնը, Սահմանադիր ժողովի կեղծ ընտրութիւններու միջոցով, ամբողջովին խլելու վերջին քայլերը լուրջ հարուած դարձած են մեր կիսագունդին վրայ ժողովրդավարութեան: Երէկուան ապօրինի ընտրութիւնները կը հաստատեն, որ Մատուրոն բռնապետ է, որ կ՛անտեսէ վենեզուելացիներու կամքը», նշած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւ Մնուչին:

Մատուրօ` մեկնաբանելով ամերիկեան պատժամիջոցներ, յայտարարեց, որ ինք այդ պատժամիջոցներէն չի վախնար եւ հպարտ է անոնցմով: Ան զգուշացուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կեանքին մեծագոյն սխալը կը գործէ:

«Ես կայսերապաշտութենէն չեմ վախնար: Ես ազատ երկիրի մը անկախ նախագահն եմ: Սահմանադիր ժողովի ազատ ընտրութիւններուն պատճառով դէմս պատժամիջոց հաստատեցին: Հպարտ եմ այդ պատժամիջոցներով», ըսաւ Մատուրօ` աւելցնելով, որ իրեն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները արտացոլացումն են Թրամփի անկարողութեան, դրամատիրական մենատէրի բնոյթին, ինչ որ իր կարգին կը ներկայացնէ «Միացեալ Նահանգներու կայսրի իր դերը»:

«Վենեզուելայի հետ յարաբերութեան մէջ Թրամփ իր կեանքի վերջին սխալը կը գործէ», ըսաւ ան` բայց եւ այնպէս աւելցուց, որ երկխօսութեան ձեռք կ՛երկարէ իր ամերիկացի իր պաշտօնակիցին:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Վենեզուելայի անվտանգութեան աշխատակիցները գիշերը կատարած գործողութիւններուն ընթացքին իրենց տուներուն մէջ ձերբակալած են ընդդիմադիր երկու ղեկավարներ` Լէոփոլտօ Լոփեսը եւ Անթոնիօ Լետեսմանը:

Անոնք ձերբակալուած են, երբ նոր Սահմանադիր ժողովին դէմ նոր ցոյցերու կոչ ուղղած են: Ընդդիմադիր երկու ղեկավարները կը գտնուէին տնային կալանքի տակ:

Լոփես եւ Լետեսման Քարաքասի նախկին քաղաքապետերն են եւ այժմ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ամէնէն խիստ քննադատներէն են: Անոնք կիրակի օր վենեզուելացիներուն կոչ ուղղած էին`  ցոյց կատարելու այդ օր կատարուած Սահմանադիր ժողովի ընտութիւններուն դէմ:

Միւս կողմէ` Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն երէկ յայտարարեց. «Վենեզուելլան այժմ կը գտնուի գահավէժի եզրին»` աւելցնելով. «Նիքոլաս Մատուրոյի կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ միջոցները նախքան շատ ուշ ըլլալը»:

«Երկիրը կը քայքայուի, աւելի քան 100 անձ սպաննուած է եւ ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները վտանգուած են», ըսաւ Ճոնսըն:

 

Նախորդը

Գերմանական Վերջին Օդանաւը Հեռացած Է Թուրքիոյ Ինճիրլիք Ռազմակայանէն

Յաջորդը

Գերմանիա Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղած Է` Խստացնելու Թուրքիոյ Նկատմամբ Տնտեսական Ճնշումը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.