ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Թէեւ դժուարութիւն պիտի ունենաք, սակայն վերջապէս պիտի տիրանաք այն պաշտօնին, զոր երկար ժամանակէ ի վեր կը հետապնդէք: Կամենալը տկարութիւն չի ճանչնար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր ուշադրութիւն ըրէք ձեր աշխատավայրին մէջ, կրնաք անախորժ հարցեր ունենալ: Մի՛ մոռնաք, որ մրցակիցներ եւ նախանձողներ ունիք. լռութեամբ կրնաք յաղթահարել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընկերային կեանքէն հեռացած էք եւ կ՛ուզէք առանձնանալ. թէեւ ժամանակի մը համար ասիկա տանելի է, սակայն կրնաք ձեր ջիղերը խանգարել: Աւելի չխորացած` վերագտէք ձեր նախկին կեանքը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Թէեւ արձակուրդը հանգստանալու համար է, սակայն հետաքրքրուեցէք նորութիւններով: Ձեր շրջապատին մէջ շատ պատմական վայրեր կան, որոնք կրնան ձեր գիտութիւնը ընդլայնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօրը անակնկալներով լեցուն պիտի ըլլայ, ինչ բանի որ ձեռնարկէք, յաջողութիւն պիտի գտնէք. սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ ամուրի էք, պիտի յաջողիք ձեր կեանքի ընկերը կամ ընկերուհին գտնել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երեւակայութեամբ կ՛ապրիք: Իրականութեան վերադարձէք եւ իրապաշտ եղէք: Կեանքը անակնկալներով լեցուն է: Չսպասուած գործ մը այսօր յաջողութիւն պիտի գտնէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար ժամանակէ ի վեր գործ մը կը հետապնդէք: Վերջապէս ժամանակը հասած է: Բարեկամներու օգնութեամբ պիտի կարենաք այդ գործը յաջողցնել եւ բաձր դիրքի հասնիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թէեւ ապագան մութ կը թուի ձեզի, սակայն ձեր աստղը այնքան փայլուն է, որ ինչ որ կը փափաքիք, լիովին գոհունակութիւն պիտի ստանաք: Առիթը օգտագործեցէք եւ անտարբեր մի՛ մնաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հսկայական գործեր ընելու մասին կը մտածէք, ինչ որ շատ դիւրին չէ: Լաւ է որ պզտիկ գործով մը սկսիլ, ինչ որ յառաջիկային կրնայ մեծնալ եւ բարձունքներու հասնիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ դուք ձեզ յոգնած կը զգաք, լաւ է, որ առանձնանաք, որպէսզի ձեր հանգիստը գտնէք: Բնութեան մէջ աւելի կը ներշնչուիք եւ կրնաք ձեր ծրագիրները դասաւորել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկար արձակուրդէ մը ետք անշուշտ դժուար պիտի ըլլայ ձեր գործը ստանձնել: Յաջորդ արձակուրդին մասին մտածելով` աւելի դիւրութեամբ կը սկսիք ձեր գործին: Բարի՛ վերամուտ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ շատ աշխատանք կ՛ակնկալուի ձեզմէ, քանի որ կարողութիւն ունիք: Սիրայօժար եւ համբերութեամբ բոլորին գոհունակութիւն պիտի պատճառէք:
