Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնն Ու Ապագան Կ՛Երաշխաւորէ» Շեշտեց Ֆրենժիէ

July 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, անոր զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէն եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Ահմետ Պաալպեքի:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը պէտք է յստակ ըլլայ իր կողմնորոշումին մէջ` աւելցնելով, որ ամէնէն տգեղ գոյնը մոխրագոյնն է` նկատի ունենալով, որ անիկա ոչ ոքի միտքը յստակութեամբ կ՛արտայայտէ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակը ամբողջ Լիբանանի յաղթանակն է` աւելցնելով, որ երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այդ յաղթանակը Լիբանանին կը նուիրէ, ապա անիկա մեր յաղթանակը կ՛ըլլայ: «Սէյիտը ճանչցողը քաջ գիտէ, թէ ան անկեղծ է: Մենք համոզուած ենք, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու ապագան կ՛երաշխաւորէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով բանակին` ան շեշտեց, որ իրենք եւ ամբողջ Լիբանանը կը զօրակցին բանակին, յատկապէս եթէ ան որոշէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուիլ: «Երբ կայ վտանգ մը, որ ամբողջ երկրին եւ բոլոր լիբանանցիներուն կը սպառնայ, ապա օրինականի եւ ոչ օրինականի խնդիր չի մնար, այլ` այդ վտանգը վերացնելու կարեւորութեան», հաստատեց ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրեն համար կարեւոր չէ, թէ ո՛վ ՏԱՀԵՇ-ը կը մաքրագործէ, բանա՞կը, թէ՛ Դիմադրութիւնը` աւելցնելով, որ իր քաղաքական ուղեգիծը հիմնուած է «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին վրայ: «Ոմանք համոզուած են, թէ քաղաքական իրենց ուղեգիծը բանակն է, իսկ մենք կ՛ըսենք. «Բոլորս բանակին կը զօրակցինք, սակայն  տարակարծութիւններէ հեռու կը մնանք ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան վերջ տալու նպատակով»»:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Պելճիքայի պետական նախարար Անտրէ Ֆլահօ, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Հարիրի. «Մեր Պարտականութիւնն Է Լիբանանը Պաշտպանել Պատժամիջոցներէ»

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Ապի Ասիի Հետ Քննարկեց Ընկերային Մարզը Յուզող Հարցերը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.