Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Շատ Արագ Տկարացուց Իր Սեփական Արժէքները» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

July 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շատ արագ տկարացուց իր սեփական արժէքները:

Ան յայտնեց, որ գոյութիւն ունին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իշխանութենէ հեռացնելու եւ քաոս տարածելու ջանքեր: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հաստատած բոլոր արժէքները կը քանդուին, կ՛անարգուին եւ կ՛աղարտուին: Այդ բոլոր քայլերը կը կատարուին իր հիմնադրութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ձեռքով», ըսաւ Տաւութօղլու` աւելցնելով. «Կուսակցութիւնը վարակուած է իր վարկը քանդելու ժահրով»:

«Գոյութիւն ունին պայքարը իբրեւ Էրտողանի, Տաւութօղլուի, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի, Ապտիւլլա Կիւլի եւ Պուրաթ Պայրաքի պայքար ցոյց տալու փորձեր, սակայն այն ինչ որ կը փորձուի իրագործել` Էրտողանէն ետք Թուրքիան տկար անձնաւորութիւններով ղեկավարելն է», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախկին վարչապետը յայտնեց, որ Թուրքիան 15 յուլիսին գահավիժումի եզրէն ետդարձ կատարեց, սակայն ոմանք շարունակեցին «յետէրտողանեան փուլին համար իրենց ծրագիրներն ու «ահաբեկման փորձերը»: «Ոմանք տեղական լրատուամիջոցներէն ելոյթ ունեցան եւ շեշտեցին, որ Էրտողանէն ետք ոչ ոքի կը վստահին, ապա ոմանք ելոյթ ունեցան Ապտիւլլա Կիւլը նկատելով իբրեւ յեղաշրջումի նախագահը եւ յեղաշրջումի վարչապետը», նշեց ան:

Տաւութօղլու ըսաւ, որ նոյն հարցը կը շարունակուի արծարծուիլ, սակայն զայն կանգնեցնելու կարողութիւնը ունեցողները կը բաւարարուին հանդիսատեսի դերակատարութեամբ: «Պէտք է բոլոր անոնք, որոնք յետէրտողանեան փուլին կը ծրագրեն եւ ատոր համար իրենց հաւանական մրցակիցները թիրախ կը դարձնեն, գիտնան, որ իրենց այդ արարքները Թուրքիան թիրախ դարձնող կազմակերպիչին կամքն է: Հարցը Ապտիւլլա Կիւլի, Տաւութօղլուի, Եըլտըրըմի կամ միւսներուն չի վերաբերիր, որովհետեւ աղարտման իւրաքանչիւր արշաւ իրականութեան մէջ կը հարուածէ Թուրքիոյ ապագան», նշեց Տաւութօղլու:

Նախորդը

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Պաքուի Հաղորդումը, Թէ Հայկական Ուժերու Անօդաչուն Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Վիրաւորած Է

Յաջորդը

Թրքական Մամուլի Ազատութեան Կաշկանդումի Դատապարտումի Կոչերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.