Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանլարեան. «Նորդուզ-Մեղրի Սահմանային Դարպասի Միացեալ Օգտագործման Մասին Օրինագիծի Ընդունումը Շահաւէտ Էր Երկուստեք»

July 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանի համաձայն, օրեր առաջ Իրանի խորհրդարանին մէջ ընդունուած Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի միացեալ օգտագործման մասին օրինագիծի ընդունումը շահաւէտ էր երկուստեք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու 70-80 միլիոննոց շուկայի մէջ, իսկ Իրանը այդ համաձայնութեան միջոցով կարելիութիւն կ՛ունենայ համագործակցելու ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն հետ:

Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ օրինագիծը մեծ թիւով պատգամաւորներու  քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ Իրանի խորհրդարանին կողմէ:

«Ասիկա առեւտրական, տնտեսական համագործակցութեան համար բաւական  արժէքաւոր համաձայնագիր է, որուն շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք  ձգուած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Հասան Ռուհանիի հանդիպումին ընթացքին: Իրանի խորհրդարանին մէջ արդէն օրինագիծը հաստատուեցաւ», ըսաւ ան:

Պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան նշեց, որ օրինագիծը բաւական պիտի դիւրացնէ մաքսային հոլովոյթները երկու երկիրներուն միջեւ: «Ենթադրելի է, որ անիկա բաւական կը նուազեցնէ մաքսատուրքերու չափը: Կը կարծեմ` առեւտրական մարզը երկու երկիրներուն միջեւ պիտի վերաճի ռազմավարական մակարդակի», ըսաւ ան:

Հայաստանի հետ Իրանի փոխադարձ յարաբերութիւններու ռազմավարական մակարդակը` անկախ շրջանին մէջ քաղաքական իրադրական վիճակէն, անփոփոխ է, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի խորքային են:

«Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի միացեալ օգտագործումը ո՛չ միայն բարեյաջող օգտագործման համար հող կը պատրաստէ, այլեւ  կարելիութիւն կը ստեղծէ ազատ տնտեսական գօտիներու հաստատման: Իրանի մէջ կայ մեծ ազատ տնտեսական գօտի, կը նախատեսուի արդէն Մեղրիի մէջ նման բան հիմնել: Կ՛ենթադրուի, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի նաեւ ջրելեկտրական քաղաքականութեան համար, այսինքն` Արաքսը կրնայ օգտագործուիլ ջրելեկտրակայաններ հիմնելու», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Է Հակափտածութեան Քաղաքականութեան

Յաջորդը

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Պաքուի Հաղորդումը, Թէ Հայկական Ուժերու Անօդաչուն Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Վիրաւորած Է

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.