«Թիմ Սքայ» խումբին մաս կազմող անգլիացի հեծելանւորդ Քրիս Ֆրում նախորդ շաբաթավերջին իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին չորրորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ «Թուր տը Ֆրանս» անունով ծանօթ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի տիտղոսին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով իր խմբակիցներուն` ան 21-րդ եւ վերջին հանգրուանի ժամանման գիծը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ:
32 տարեկան Ֆրում, որ այսպիսով վերջին հինգ տարիներուն չորրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս ախոյեանութեան տիտղոսը Փարիզի Յաղթանակի կամարին մօտ, այս շրջավազքին արձանագրեց 86 ժամ 20′ 55″ արդիւնք մը:
54″-ի ուշացումով մը երկրորդ դիրքը գրաւեց քոլոմպիացի Ռիկոպերթօ Ուրան, իսկ երրորդ դիրքը` ֆրանսացի Ռոմեն Պարտէ (2′ 20″ ուշ):
Երեք շաբթուան վրայ երկարած այս շրջավազքին իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, այսպիսով Ֆրում հանդիսացաւ առաջին անգլիացին, որ այս տիտղոսին կը տիրանայ չորրոդ անգամն ըլլալով:
21-րդ եւ վերջին հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Մոնկերոնէն Շանզ Էլիզէ (103 քմ), աւարտեցաւ հոլանտացի Տիլան Կրոյենեվեկի յաղթանակով:
«Թուր տը Ֆրանս»-ը տեղի կ՛ունենար 104-րդ անգամն ըլլալով:



