Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, այսօր հանդիպում մը կ՛ունենայ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հարիրի այցելեց Քեփիթըլ Հիլ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Քրիս Պրուզի ու Մեթիու Տանըվընի եւ ամերիկացի պետական այլ պաշտօնատարներու հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Քարլա Ժազզարի, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի` ամերիկեան հարցերու խորհրդական Ամալ Մտալլալիի եւ պաշտպանութեան ու ապահովական հարցերու խորհրդական Մարուն Հըթթիի:
Պրուզ ողջունեց վարչապետ Հարիրին, ընդգծելով անոր հետ հանդիպումին կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Հարիրի ողջունեց Ճոն Մըքքէյնը` հաստատելով լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան շարք մը մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն անոր վիճակը կայուն է` հակառակ շրջանին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին չափաւորականութեան օրինակելի տիպարն է շրջանին մէջ` աւելցնելով, որ պէտք է պահպանել այդ օրինակը եւ ընդհանրացնել զայն` Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւնները պահպանելու համար:
Հարիրի նշեց նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները շատ են, յատկապէս ապահովութեան եւ գաղթականութեան վերաբերող հարցերը:
Վարչապետ Հարիրի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներուն հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին պիտի առաջարկեն բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ, որոնք 4 միլիառ տոլարի կը հասնին:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ Ուաշինկթընի մէջ քննարկուին Հըզպալլայի դէմ պարտադրուած ամերիկեան նիւթական պատժամիջոցները, որոնց լոյսին տակ պիտի հաստատուի, որ Լիբանան յանձնառու է նիւթական եւ դրամատնային պատժամիջոցներուն գործադրութեան, պայմանով որ անոնք Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական համակարգը չքայքայեն:



