Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքսայի Մզկիթի Դէպքերուն Պատճառով Երուսաղէմի Մէջ Լարուած Կացութիւնը Կը Շարունակուի

July 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը  այսօր արտակարգ նիստ մը գումարէ` քննելու համար Երուսաղէմի վերջին դէպքերը: Յորդանանի պահանջով տեղի ունենալիք այս նիստին պիտի յաջորդէ նաեւ այլ նիստ մը` Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Քննարկումներուն առանցքները պիտի կազմեն Երուսաղէմի եւ յատկապէս Աքսայի մզկիթին շուրջ ծագած վերջին իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ անցնող շաբաթավերջին իսրայէլեան ուժեր 1969-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով արգիլեցին պաղեստինցիները, որ Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարեն: Անոնք ելեկտրոնային դռներ անցարգելներ հաստատեցին մզկիթին շուրջ: Երէկ իմացուեցաւ, թէ իսրայէլեան ուժերը սկսած են քակել ու վերացնել նշեալ դռները` զանոնք փոխարինելով ելեկտրոնային այլ անցարգելներով, ուրկէ կարելի է նշմարել անցորդներուն կրած մետաղեայ արգիլեալ գոյքերը (դաշոյն, զէնք, ռումբ…):

Աքսայի մզկիթին այս դէպքը դատապարտումի եւ ընդվզումի լայն ալիք յառաջացուցած էր պաղեստինեան թէ արաբական կարգ մը շրջանակներու մօտ:

Արաբական լիկան կարմիր գիծ նկատած էր Աքսայի մզկիթը: Ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ բուռն կերպով քննադատած էր Իսրայէլը Աքսայի մէջ կիրարկուող կաշկանդումներուն համար:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս առկախած է Իսրայէլի հետ բոլոր բանակցութիւնները` իբրեւ բողոք Աքսայի մզկիթին դէմ որդեգրուած միջոցառումներուն:

Նաեւ` Թուրքիա

Նախագահ Էրտողանէն ետք, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւս բուռն կերպով դատապարտեց պաղեստինցիներու Աքսայի մզկիթ մուտքի արգիլումը եւ  Իսրայէլի կիրարկած քաղաքականութիւնը` «անընդունելի» նկատելով զայն:

Միւս կողմէ, «Ռաշա Թուտէյ»-ի համաձայն, երէկ բախումներ ծայր առած են Պապ Ասպաթի մուտքին`  պատճառելով պաղեստինցի վիրաւորներ:

Թուրքիա Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանքերու Կը Ձեռնարկէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ վարչապետ Եըլտըրըմէն ետք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս  իր կարգին դիւանագիտական «զօրաշարժի» ենթարկեց իր անձնակազմը: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին` Սամեհ Շուքրիի հետ ու անոր հետ քննարկեց գրաւեալ (արեւելեան) Երուսաղէմի վերջին իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նմանօրինակ հաղորդակցութիւններ ունեցած է նաեւ Յորդանանի, Ուզպեքիստանի եւ Փաքիստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլին «Շարժելու Օրէնքներու Եւ Մարդկային Արժէքներու Հիման Վրայ»

Յաջորդը

Փութին – Ալիեւ Հանդիպում` Սոչիի Մէջ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.