«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Ճիպութիի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լուծարեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը` անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարզիչներն ու այլ պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստները հեռացուեցան: Այժմ շեշտը պիտի դրուի պատանեկան եւ երիտասարդական ազգային խումբերուն վրայ:
Ֆետերասիոնը այս որոշումին յանգեցաւ, երբ Ճիպութի 5 – 1 արդիւնքով պարտուեցաւ Եթովպիայէն:
Նշենք, որ Ճիպութի ՖԻՖԱ-ի միջազգային դասաւորումին մէջ կը գրաւէ 185-րդ դիրքը:



