Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթ Իրանի Դեսպանն Ու 14 Իրանցի Դիւանագէտներ Արտաքսեց

July 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քուէյթ Իրանի դեսպանէն պահանջած է մինչեւ 48 ժամ հեռանալ երկրէն, անոր ուշադրութեան յանձնած է իրանցի դիւանագէտներու թիւի նուազման, իրանեան մշակութային կեդրոնի փակման, երկու երկիրներու միացեալ յանձնախումբի աշխատանքի սառեցման եւ դեսպանատան մէջ թեքնիք գրասենեակներու աշխատանքի առկախման որոշումը:

Քուէյթ յայտնեց, որ իր մայրաքաղաքէն վտարուող դիւանագէտներուն շարքին է Իրանի դեսպան Ալի Ռիտա Ինայաթին:

Նախքան այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդած էր, որ Քուէյթի իշխանութիւնները երէկ 15 իրանցի դիւանագէտի յանձնարարած են հեռանալ երկրէն:

«Մենք Քուէյթի իրաւունքները պաշտպանելու համար դիւանագիտական քայլերու ձեռնարկած ենք երկրին մէջ Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներու դէմ», յայտարարած է երկրին տեղեկատուութեան նախարարը:

Կը հաղորդուի, որ երէկ Քուէյթի իշխանութիւնները Իրանի դեսպանատան յղած են գրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուցած են զինուորական կցորդի եւ մշակոյթի հարցերով կցորդի աշխատակազմի գրասենեակները փակելու մասին որոշումը: Դիւանագիտական առաքելութեան 15 աշխատակիցի յանձնարարուած է 45 օրուան ընթացքին հեռանալու երկրէն, այսպիսով Քուէյթի մէջ կը մնայ Իրանէն ընդամէնը չորս դիւանագէտ:

Քուէյթի կառավարութիւնը նաեւ կը դադրեցնէ Թեհրանի հետ բոլոր միջկառավարական յանձնախումբերու աշխատանքը:

Կիրակի օր Քուէյթի դատարանը բանտարկութեան դատապարտած էր «Ապտալի» խմբաւորման անդամները: Մեղադրական կողմը պնդած է, որ խմբաւորման անդամները Իրանի մէջ պատրաստութիւն ստացած են Հըզպալլայի ղեկավարութեան տակ: Խմբաւորման անդամ 14 քուէյթցիներ ծովու ճամբով փախուստ տուած են դէպի Իրան:

Ըստ Քուէյթի լրատու գործակալութեան, հարցը սկիզբ առած է օգոստոս 2015-ին, երբ Քուէյթի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է «ահաբեկչական բջիջի մը անդամ» 26 անձեր եւ մայրաքաղաք Քուէյթի հիւսիսը գտնուող Ապտալի շրջանին մէջ մեծաթիւ զէնքեր գրաւած: Ըստ Քուէյթի, բջիջը կը գործէր ի շահ Իրանի եւ անոր նպատակը երկրին կայունութիւնը քայքայելն էր:

 

Նախորդը

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Կողմէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերու Դիրքերուն Հրապարակումը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Զանոնք»

Յաջորդը

Մուսուլի Ազատագրման Ճակատամարտին Ընթացքին Սպաննուած Են Աւելի Քան 40 Հազար Քաղաքայիններ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.