Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիթըր Քէօշկերեան. «Ինքզինքս Վտանգի Տակ Կը Դնեմ, Երբեք Հարց Չունիմ Ես Զիս Ծաղրելու»

July 21, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մենք կատակասէր չենք ծնիր, այլ կը դառնանք: Ոչինչ նուազ համոզիչ է երիտասարդ մենախօս-կատակերգակին համար, որ փոքր տարիքէն նուիրուած է հիւմըրի:

Ինչպէ՞ս դառնալ կատակերգակ: Անսովոր ուղի մը:

Առօրեան պատմող, մենախօս- կատակերգակ, բայց նաեւ «ԱԼՊԱ» համալսարանի ուսանող Փիթըր Քէօշկերեան կը զարմացնէ իր հոգիի հասունութեամբ եւ բնականութեամբ: Այցելեցէ՛ք Ժեմայզէի անկիւնաւոր սրճարան մը: Վայր մը, ուր սովորութիւն ունի աշխատելու, կը գրէ «Լորիան Լիւ Ժուր»: Պէտք է ըսել, որ երիտասարդը շատ աշխատասէր է:

Ըլլալով 21 տարեկան, ան արդէն իսկ ստանձնած է «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ Միշել Տրիւքերի ձեռնարկին առաջին բաժինը, նախորդ մարտին եւ յաճախ կը ներկայանայ բեմ ֆրանսերէնով` իր նախասիրած լեզուով: Փաստօրէն, իր տիպարները կու գան Միջերկրական ծովու միւս ափէն. Ժամալ Տէպուզ, Կատ Էլ- Մալեհ կամ նոյնիսկ Ֆլորանս Ֆորեսթի, որոնք դրոշմեցին իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը:

Բացայայտո՞ւմը: Կատ էլ-Մալեհի «Ուրիշը ես եմ» ձեռնարկը իսկական բացայայտում մըն եղած է այդ ժամանակուան պատանիին համար: Այնուհետեւ մէկ գաղափար տիրական եղած է մտքին մէջ` խնդացնել: Անմիջապէս կը նախընտրէ հաւաքական փորձառութիւնը, որովհետեւ «նպատակը հանդիսատեսն է, ուղիղ կապը»: Մեծապէս կառչելով իր կատարումներուն անմիջականութեան` ան կ՛ընդգծէ. «Չեմ գիտեր եթէ կրնայի այսքան խնդացնել քամերային առջեւ»: Հետեւաբար, անոր կատարումները չենք գտներ «Եու Թիուպ»-ի վրայ, բայց ան ունի իսկական սէր բեմերուն հանդէպ: Ինքնուս, ան երբեք թատրոնի դասընթացքներու չէ հետեւած: Ամէն ինչ անձամբ սորված է` կարդալով եւ իր տիպարներուն կատարումներուն ներկայ գտնուելով, միշտ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ներկայացումներուն:

Անկեղծութիւնը` իբրեւ բեմային գրաւ

Ո՛չ խաղ կայ, ո՛չ կեղծաւորութիւն, ո՛չ կերպար. Փիթըր Քէօշկերեան բեմին կը յանձնուի ինչպէս որ է եւ անկաշկանդ ինքզինք կը ծաղրէ: «Ինքզինքս վտանգի տակ կը դնեմ: Երբեւէ հարց չունիմ ես զիս ծաղրելու»: Այդուամենայնիւ կը ցաւի, որ Լիբանանի մէջ սթենտ-ափի մշակոյթը տկար է, եւ կը յուսայ, որ այս արուեստի ձեւը յառաջիկայ տարիներուն կը զարգանայ: Բայց արուեստագէտը նպատակադրուած է: Գիտէ ո՛ւր կ՛երթայ եւ ինչպէս պէտք է ատիկա ընէ: Ժամանակագրելով պարոն «Ամէն ինչ»-ին կեանքը, կը քննէ մանրամասնութեամբ սովորականին անհեթեթութիւնը: Հեւեւաբար, «ոչ մէկ տարբերութիւն բեմի ես-ին եւ կեանքի ես-ին միջեւ», նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր ներկայացում պատրաստուած եւ համապատասխան պրպիում եղած է: Անոր հանդիսատեսները երիտասարդ են, 15-էն 30 տարեկան, բայց կը ձգտի ընդլայնել` 8-էն 99 տարեկանի: Երգիծանքը հասանելի է բոլորին` պայմանով, որ ոչինչ պէտք է լուրջի առնել եւ ամէն ինչին պէտք է խնդալ:

Իւրայատուկ կատարերգակ մը. Ֆրանսախօսութիւնը սրտին

Իր երիտասարդութիւնը անոր թոյլ կու տայ կանխատեսել հեռաւոր ապագան: Այն հարցումին, որ «դուք ձեզի ո՞ւր կը տեսնէք հինգ տարի յետոյ», արուեստագէտը կը տատամսի վայրկեան մը, ապա կը ժպտայ: «Տարօրինակ է,  ասոր մասին կը մտածէի քանի մը օր առաջ: Կ՛ուզեմ իսկապէս Լիբանանի հանդիսատեսը գրաւել»: Մեծ մարտահրաւէր մը, կ՛ընդգծէ ան, քանի որ ֆրանսերէն լեզուի գործածութիւնը կը սահմանափակէ իր հանդիսատեսները: Բայց կատակերգակը չի տատանիր: « Ես ինքս չեմ ըլլար բեմի վրայ, եթէ անգլերէն կամ արաբերէն խօսիմ»: Երիտասարդը անկեղծօրէն կառչած է ֆրանսերէնին եւ այդ մասին կը յայտարարէ: Նոյնիսկ ֆութպոլի պարագային, Ֆրանսայի խումբը կը քաջալերեմ»: 10 տարի՞ յետոյ: Փարիզ կ՛երազէ: «Ինչո՞ւ ոչ»: 20 տարիէ՞ն: «Շարժապատկերը զիս կը հետաքրքրէ»: Իսկական ծրագիրներ կը սպասեն այս կրքոտին համար, յաւակնոտ` երկարատեւ ժամանակի վրայ:

Փիթըր Քէօշկերեան շաբաթ 8 եւ չորեքշաբթի 12 յուլիսին երկու ներկայացումներ կատարեց «Մեթրօ Ալ-Մատինա»-ի մէջ:

«Լորիան լը Ժուր»

 

Նախորդը

«Աւրորա»-ն` Այդ Հրաշալի Մրցանակը

Յաջորդը

Քուէարկենք Ի Նպաստ Այնճարի

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.