Պրազիլական «Էսփորթէ Ինթերաթիւօ» մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ընդունեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ ներկայացուած առաջարկը եւ պիտի հեռանայ քաթալոնական ակումբէն:
Ինչպէս ծանօթ է, ձեռք ձգելու համար Նէյմարը, մայրաքաղաքի կազմը` Սեն Ժերմեն, համաձայն է վճարելու 222 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը կազմէ ֆութպոլիստին հրաժարագինը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 25 տարեկան Նէյմար նաեւ պիտի ստանայ բաւական կոկիկ աշխատավարձ մը:
Պարսելոնայի հետ Նէյմարի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:



