ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է սուրիացի տեղահանուած մը խոշտանգող երեք երիտասարդները: Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուած մը խոշտանգող երիտասարդները իրենց արարքը նկարած էին եւ դարձուցած ընկերային ցանցերու սեփականութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան նիստին ընթացքին Լիբանանի անունով պահանջած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` սուրիացիներուն սիրոյն: «Ո՛չ ատելութեան եւ ո՛չ խոշտանգումներուն», ընդգծեց Պասիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու ճիգերուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Արսալի մէջ բանակին յայտարարելիք ճակատամարտին մասին յայտարարութիւն չէ կատարած, այլ` ակնարկած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու բանակին պատրաստակամութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Օքապ Սաքըր շեշտեց, որ Լիբանանը պաշտպանելու առումով կառավարութիւնը միայն բանակին իրաւունք կու տայ եւ ոչ թէ Հըզպալլային:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի ֆինանսաւորուին ոչ թէ աղքատներուն քսակէն, այլ` մսխումն ու շռայլութիւնը կասեցնելու ընդմէջէն:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ ընդգծեց Սուրիոյ հետ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ իր պաշտօնավարութիւնը երեք անգամ երկարաձգած խորհրդարան մը չի կրնար ժողովուրդին վրայ տուրքեր պարտադրել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ ինչպէս աշխատավարձի յաւելումները իրաւունք են, նոյնպէս ալ բարեկարգումը իրաւունք է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ սուրիացի երիտասարդի մը խոշտանգումը նուաստացուցիչ է: Ան ընդգծեց, որ պէտք է ահաբեկիչին եւ սուրիացի քաղաքացիին միջեւ տարբերութիւնները յարգել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը յանձնառու է Արսալի ապահովութեան պահպանումին:


