Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննադատելով Ցեղասպանութեան Մասին Խօսողները Տուգանքի Ենթարկելու Օրէնքը` Տողան. «Իսկ Հայերու Պատմական Անցեալը Վիրաւորելը Արտօնուա՞ծ Է»

July 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան հայազգի Սելինա Տողան` քննադատելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ դաշնակից Ազգային շարժում կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու վարքին, նիստերու կանոնակարգին ու արտաքինին վերաբերող փոփոխութիւններու 18 կէտերէ բաղկացած ծրարը, յայտարարած է, որ ատոր իսկական նպատակը ընդդիմութեան ձայնը ամբողջութեամբ լռեցնելն է:

Այս մասին «Թերթ»-ին տեղեկացուցած են Սելինա Տողանի մամլոյ ծառայութենէն:

Նշեալ ծրարը կը ներառէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու եւ քրտաբնակ նահանգներու մասին խօսելու ընթացքին «Քիւրտիստան» անունով յիշատակումներու պարագային երեսփոխանները տուգանքի ենթարկելու առաջարկը:

Ըստ առաջարկին, «թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» պարագային երեսփոխանները պէտք է ժամանակաւոր կերպով զրկուին նիստերուն մասնակցելու կարելիութենէն, բացի ատկէ` անոնց աշխատավարձէն պիտի պահուի 12.000 թրքական լիրայի չափ գումար:

Տողան իշխանութիւնները մեղադրած է ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ատելութիւն տարածելու ամբաստանութեամբ եւ խորհրդարանին յղած հետեւեալ հարցումը. «Եթէ Թուրքիոյ պատմական անցեալը վիրաւորելու հիմունքով Ցեղասպանութեան մասին խօսողները պիտի տուգանուին, ապա նոյն ամպիոնէն հայերէ վիրաւորելը ի՛նչ պատիժ պիտի կրէ»:

«Թուրքիոյ մէջ ապրող ու ապրած ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը ոչ ոք պէտք է վիրաւորէ եւ չի ալ կրնար, լա՛ւ, իսկ միւս ազգե՞րը: Օրինակ` հայերու պատմական անցեալը վիրաւորելը արտօնուա՞ծ է: Հրեաներու մասին ամէն երեսփոխան կրնա՞յ վիրաւորական արտայայտութիւններ օգտագործել, յոյները, ասորիները վիրաւորելու հարցին մէջ ազատութիւն տրուա՞ծ է», հարցուցած է հայազգի երեսփոխանը:

Ան յիշեցուցած է, որ այն պարագային, երբ հայերը կ՛աղօթեն այդ հողերու բարօրութեան համար, Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն բոլոր ոխերիմ թշնամիները բնութագրել իբրեւ հայ:

«Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը յեղաշրջման փորձի առաջին ամեակին հոգեհանգստեան յատուկ կարգ կատարած է անցեալ տարուան 15 յուլիսին մահացածներու հոգիներուն համար, հրէական համայնքը իր կարգին աղօթքներ հնչեցուց երկրի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար: Իսկ դուք ի՞նչ ըրիք: Յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը հայ կոչեցիք, Կիւլենի ու հրեաներու համագործակցութեան մասին գրեցիք», նշած է Տողան:

Նշենք, որ վերոնշեալ առաջարկի 18 կէտերէն 11-ը արդէն որդեգրուած է խորհրդարանին կողմէ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգ Է Տոնեցքի Մէջ Մալոռոսիա Պետութեան Ստեղծման Յայտարարութեամբ

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Մեկնաբանած Է Քոնիայի Ռազմակայանի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.