«Թերթ» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնած է, թէ իրենք ֆրանսահայ համայնքին կոչ ուղղեցին նախագահական ընտրութիւններուն սատարելու Էմանուէլ Մաքրոնին, որովհետեւ զինք նկատած էին թեկնածուներէն լաւագոյնը Ֆրանսայի եւ նաեւ հայ համայնքի շահերուն համար:
«Ան երեք տարի աշխատած էր Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, մեզ կը ճանչնար: Մենք կազմակերպեցինք մեր յարաբերութիւնները որոշ կէտերու շուրջ: Առաջինը` նախ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ մեր քայլերն էին, այն ժամանակ, սակայն, տակաւին չէինք որոշած, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է շարժինք: Երկրորդը` Արցախի հիմնախնդիրն էր, որ պէտք է համախմբուինք եւ առաջնահերթութիւն նկատենք այդ հիմնախնդիրը: Երրորդ կէտը Հայաստանի հետ Ֆրանսայի կապերը ուժեղացնելու մասին էր», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեան, խօսելով Ֆրանսահայ համայնքին համար գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւններուն մասին, նշեց, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն Արցախի ճանաչման հոլովոյթին յառաջ մղումը: «Կան քաղաքներ, եւ վերջինը Ալֆորվիլ քաղաքն է, որ բարեկամական համաձայնագիր ստորագրած է Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ֆրանսական քաղաքը կը ճանչնայ արցախեան քաղաքը իբրեւ հայկական քաղաք: Եթէ աշխարհի վրայ այդպէս տասը, քսան, յիսուն, վաթսուն, հարիւր քաղաք ճանչնան Արցախի քաղաքները իբրեւ հայկական քաղաք, տէ ֆաքթօ ճանաչում կը դառնայ եւ ցոյց կու տայ, որ հանրային կարծիքը հայամէտ հանրային կարծիք է: Ասիկա պայքարի միայն մէկ երեսն է, միակը չէ, անշուշտ, սակայն կրնայ յաջողիլ, եւ մեզի համար ատիկա յաջողութիւն պիտի ըլլայ, եւ, հաւանաբար, Արցախի համար ալ նոր շունչ», ըսաւ ան:
Այն տեսակէտներուն, թէ Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, կրաւորականութիւն կը դրսեւորէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ, Մուրատ Փափազեան համաձայն չգտնուեցաւ: Ան նշեց, որ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ տագնապի կողմերուն յստակ ծրագիր առաջարկած էր: «Արցախը պէտք է ճանչցուէր իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, առաջարկած էր, որ Արցախի մէջ հանրաքուէ կազմակերպուի 1988 թուականի տուեալներով` 75 առ հարիւր հայ եւ 25 առ հարիւր ազրպէյճանցի մասնակցին: Արցախի ժողովուրդը պէտք է որոշէր` ինք կ՛ուզէ՞ անկախ ըլլալ, յետոյ ատիկա պէտք է ճանչցուէր միջազգային ընտանիքին կողմէ, միեւնոյն ժամանակ, ան կ՛առաջարկէր, որ հայերը Ազրպէյճանին տան հինգ շրջանները եւ ոչ թէ եօթը, ոչ թէ Լաչինն ու Քելբաջարը: Ասիկա Հոլլանտի առաջարկն էր, կրնայինք համաձայնիլ կամ ոչ», ըսաւ ան` նշելով, որ ասիկա հաշուի առնելով` պէտք է նկատենք, որ Հոլլանտի ղեկավարած Ֆրանսան կրաւորական չէ եղած ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթին մէջ:
Թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի եւ ի՛նչ դիրքորոշում ունի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Մուրատ Փափազեանի համաձայն, տակաւին յստակ չէ: «Մենք գիտենք, որ Ֆրանսայի մէջ հայամէտ մթնոլորտ կայ, որովհետեւ աշխատեցանք այդ ուղղութեամբ, սակայն պէտք է տակաւին աշխատինք: Մեր դիմաց երկու հզօր երկիրներն են, որոնք միասին կ՛աշխատին` Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան», ըսաւ ան:



